Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Ռիատի Պէյրութ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 9 յունուարին, երեկոյեան ժամը 20:00-ին, Ռիատի Պէյրութ Մանարայի իր դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ ՀՄԸՄ Անթիլիասը:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ ցարդ կատարած է մրցում մը եւ յաղթանակ արձանագրած` Պիլիվըրզի դէմ:
ՏՂՈՑ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով, այսօր տեղի կ՛ունենայ Պըժժէ – Անդրանիկ Պէյրութ հանդիպումը:
Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Սանթրալի դաշտին վրայ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:00-ին:
CATEGORIES Մարզական