«Էր Ֆրանս» 49 Եւրոյի Տոմսեր Կը Վաճառէ
«Եուրոմակ» կը գրէ, որ ֆրանսական «Էր Ֆրանս» օդանաւային ընկերութիւնը իր շահութաբերութիւնը վերականգնելու նպատակով համեմատաբար աւելի փոքր պիւտճէ ունեցող օդանաւային ընկերութիւններու հետ ուղղակի պայքարի մէջ մտած է:
Օդանաւային ընկերութիւնը յայտարարած է, որ այսուհետեւ իր թռիչքներուն տոմսերը կարելի է ձեռք բերել 49 եւրոյով: Այս առաջարկը կը տարածուի Ֆրանսայի եւ Եւրոպայի մէջ գործող 58 ուղղութիւններով թռիչքներու վրայ: Սակայն այսպիսի աժան տոմսով ուղեւորները ստիպուած պիտի ըլլան զրկուիլ որոշակի ծառայութիւններէ, օրինակ` տեղի ընտրութեան եւ մեծ ուղեբեռի տեղափոխման իրաւունքէն:
«Էր Ֆրանս»-ի ներկայացուցիչները նշած են, որ նոր տոմսերու վաճառքը պիտի կրէ մշտական բնոյթ: Այս թռիչքներու ուղեւորները կարելիութիւն պիտի չունենան բացի ձեռքի պայուսակէն այլ ճամպրուկներ եւ բեռներ տեղափոխել:

