«Ցեղասպանութեան Հատուցման Հարցը Այս Տարի Հայ Դատի Յանձնախումբերու Գործունէութեան Կարեւոր Կէտը Պիտի Ըլլայ» Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան
«Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու գործունէութիւնը 2013 թուականին Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ յատկապէս հատուցման խնդիրներու բարձրացման հարցին մէջ պիտի ծաւալի հատուցման սահմանման ուղղութեամբ», յայտնեց ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան:
«Այս տարի Ցեղասպանութեան ճանաչումը մեզի համար նոյնպէս պիտի շարունակէ կարեւոր ըլլալ, բայց հատուցման հարցով արդէն կարեւոր է սահմանում մշակել», ըսաւ ան: Մանոյեան նաեւ նշեց, որ Հայ դատի յանձնախումբերուն մինչեւ այսօր կատարած քայլերը այս տարի պիտի նպաստեն այդ աշխատանքներուն:
Ըստ Մանոյեանի, Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու կարելիութիւնները այդ առումով լայն են, քանի որ կը գործեն տարբեր երկիրներու մէջ, իսկ այսպիսի կարելիութիւն Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը չունին: «Ճիշդ է, լոպիինկի իրականացման վերջիններուս ճիգերը մեծ են, բայց արդիւնքները մեծ չեն: Անոր պատճառներէն մէկը հարցերու էութիւնն է, իսկ մեր խնդիրները ճշմարիտ են», նկատել տուաւ ան: ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան նշեց, որ Հայաստանի պետութիւնը այդ ուղղութեամբ կրնայ աւելին ընել եւ պիտի ընէ:
Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու մնացեալ գործունէութիւնը 2013 թուականին պիտի շարունակուի նոյն ուղղութիւններով, որոնք եղած են:
Կիրօ Մանոյեան տեղեկացուց, որ այդ ուղղութիւնները պիտի ըլլան Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան աջակցութիւնը, այսինքն` նպաստել Հայաստան եւ տուեալ երկիր յարաբերութիւններու զարգացման, երկրորդ` աշխատանքներ Արցախի ուղղութեամբ, ինչ որ շեշտադրում պիտի կատարուի Արցախի անկախութեան ճանաչման վրայ, ինչպէս նաեւ Ջաւախքի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ խնդիրներու լուծման ուղղուած աշխատանքները:
Ըստ անոր, 2013 թուականին սկիզբը իրենք պիտի զբաղին նաեւ սուրիահայերու խնդիրներու լուծման, անոնց մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու աշխատանքներով:


