Քոնկ Ֆու-Ուու Շու. Պել Հորիզոն Ակումբի Աշակերտներու Քննութիւններ

Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ նախորդ շաբաթավերջին Պել Հորիզոն Քաունթրի Քլապ ակումբին մէջ տեղի ունեցան մարզիկներու եւ աշակերտներու յատուկ քննութիւններ` ներկայութեամբ անոնց ծնողներուն եւ այս մարզով հետաքրքրուած հանդիսատեսներու:

Այս քննութիւններուն ներկայ էին ֆետերասիոնի նախագահ Ժորժ Նասիր, ֆետերասիոնի թեքնիք յանձնախումբի նախագահ Միշել Հաուի եւ իրաւարարներու յանձնախումբի նախագահ, մարզիչ Նաում Սաատէ:

Տեղի ունեցած քննութիւններէն ետք, յաջողած մարզիկներուն եւ աշակերտներուն տրուեցան վկայագիրներ, մետալներ, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր տարիքի եւ դասարանի գօտիներ` տարբեր գոյներու:

Նշենք, որ այս քննութիւնները տեղի ունեցան հովանաւորութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )