ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ ԵՒ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Երէկ` հինգշաբթի, 5 մայիս 2011-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեց Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Կրկես Սալեհը` ընկերակցութեամբ խորհուրդի «Կեանք եւ ծառայութիւն» բաժանմունքի տնօրէն Սեդա Խտըշեանի: Սոյն այցելութեան նպատակն էր վեհափառին հետ` իբրեւ խորհուրդի նախագահներէն մէկը, խորհրդակցիլ խորհուրդի գործունէութեան առնչուած կարգ մը հարցերու մասին, եւ յատկապէս յառաջիկայ ամրան տեղի ունենալիք համաժողովին մասին:

Վեհափառը նաեւ ընդունեց մարոնի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Պշարա Ռայի պատրիարքի ներկայացուցիչ Հարես Շեհապի այցելութիւնը: Հարես Շեհապ միաժամանակ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան յանձնախումբի ատենապետն է: Հանդիպման ընթացքին Հարես Շեհապ ուզեց իմանալ յառաջիկայ շաբաթ Պքերքէի մէջ տեղի ունենալիք քրիստոնեայ-իսլամ հոգեւոր պետերու հանդիպման առիթով կատարուելիք յայտարարութեան գծով վեհափառին տեսակէտները: Վեհափառը կարեւորութեամբ շեշտեց յայտարարութիւնը պահելու ընդհանուր գիծերու մէջ` շեշտելով քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութիւնը եւ հեռու մնալով քաղաքական բնոյթ ունեցող զգայուն հարցերէ: Վեհափառը նաեւ առաջարկեց, որ յիշեալ հաղորդագրութեան մէջ ներառուի կոչ մը` ուղղուած արտերկրի լիբանանցիներուն, հայրենիքին նկատմամբ իրենց կապուածութիւնը աւելի ամրապնդելու: Սոյն հանդիպման ներկայ էր նաեւ նոյն յանձնախումբին մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչ դոկտ. Ժան Սալմանեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES