Էն. Պի. Էյ. Քլիփըրզի 28-րդ Յաղթանակը Եւ Լէյքըրզի 20-րդ Պարտութիւնը
Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցան 11 հանդիպումներ:
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ արձանագրեց տարեշրջանի իր 28-րդ յաղթանակը, երբ 99-93 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Տալաս Մավըրիքսը:
Նշենք, որ ամէնէն շատ յաղթանակ արձանագրելէ բացի, Քլիփըրզ կը հանդիսանայ նաեւ (Օքլահոմա Սիթիի հետ) նուազագոյն պարտութիւն (8) կրած խումբը:
Սակայն Լոս Անճելըս քաղաքի երկրորդ կազմը` Լէյքըրզ, որ այս տարեշրջանին բաւական ձախող արդիւնքներ կ՛արձանագրէ, կրեց տարեշրջանի իր 20-րդ պարտութիւնը` Սան Անթոնիօ Սփըրզէն` 108-105 արդիւնքով: Լէյքըրզի մարզիկներէն Քոպի Պրայընթ նշանակեց 27 կէտ:
Նշենք, որ ամէնէն շատ պարտութիւնները (28) կրած են Քլիվլենտ Քաւալիրզ եւ Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ: Վերջինս նաեւ ամէնէն քիչ յաղթանակ (5) արձանագրող խումբն է:
Ստորեւ կու տանք երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ 90-72
Շարլոթ Հոռնեթց – Եութա Ճեզ 102-112
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Աթլանթա Հոքս 99-83
Պոսթըն Սելթիքս – Ֆէոնիքս Սանզ 87-79
Շիքակօ Պուլզ – Միլուոքի Պաքս 96-104
Նիւ Օրլինզ – Հիուսթըն Ռոքեթց 88-79
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 108-105
Օքլահոմա Սիթի – Մինեսոթա Վուլվզ 106-84
Տենվըր Նակեթց – Օրլանտօ Մեճիք 108-105
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Տալաս Մավըրիքս 99-93
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ 87-94
Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
Ինտիանա Փէյսըրզ – Նիւ Եորք Նիքս
Սաքրամենթօ Քինկզ – Տալաս Մավըրիքս
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Մայեմի Հիթ

