ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԱՌԱՆՑ ՕԴԱՉՈՒԻ ՍԱՐՔ ՄԸ ԵՄԷՆԻ ՄԷՋ ՔԱՅԻՏԱՅԻ ԵՐԿՈՒ ԱՆԴԱՄՆԵՐ ԿԸ ՍՊԱՆՆԷ

Եմէնեան ապահովական եւ ցեղախմբային պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ ամերիկեան առանց օդաչուի սարք մը հրթիռ մը արձակելով Հարաւային Եմէնի մէկ նահանգին մէջ սպաննած է երկու եղբայրներ, որոնք կը կարծուին, թէ Քայիտայի անդամներ են:

Եմէնի պաշտպանութեան նախարարը յայտնեց, որ Քայիտայի անդամ երկու կասկածելիները սպաննուած են երէկ առաւօտեան` Շապուա նահանգին մէջ: Նահանգէն ապահովական եւ ցեղախմբային պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ երկու եղբայրները Ապտուլլա եւ Մոսաատ Մուպարաքներն են:

Share this Article
CATEGORIES