Շուլց Կոչ Կ՛ուղղէ Արագացնելու Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Լուծումը
Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց նախանցեալ օր Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարութիւններուն կոչ ուղղեց արագացնելու ղարաբաղեան տագնապի լուծումը:
«Կողմերը պէտք է ջանքեր գործադրեն որոշման համար, եւ Եւրոպական խորհրդարանը անոնց կոչ կ՛ուղղէ խուսափիլ որեւէ յայտարարութեն, որ կրնայ յանգեցնել աւելի մեծ լարուածութեան», նշեց ան Պրիւքսէլի մէջ Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի հետ հանդիպումէն ետք:
CATEGORIES Հայկական
Շուլց ըսել կ՝ուզէ, Հայաստան քեզի կ՝ըսեմ, Ազրպէյճան դուն հասկցիր.
Հայաստան իր հարցը լուծած է ազատագրուելով. Վահան Վանական