Փլամպլի – Ասիրի Հանդիպում

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն կացութիւնը եւ սէուտական օժանդակութիւնները, որոնք Լիբանանին տրամադրուած են` լիբանանեան իշխանութիւններուն հետ գործակցաբար զանոնք յատկացնելու համար սուրիացի գաղթականներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )