Ակնարկ. Ֆրանսայի Վարկը Հարուածող Դէպք Մը
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
10 յունուար 2013-ին Փարիզի 10-րդ շրջանի Լաֆայեթ թաղի թիւ 147 շէնքին մէջ գտնուող Քրտական տեղեկատուական կեդրոնին մէջ սպաննուեցան երեք քիւրտ ականաւոր կին գործիչներ, որոնցմէ մէկը ՔԱԿ-ի հիմնադիրներէն մէկն էր: Քաղաքական ոճիրին զոհերէն մէկը գլուխէն ստացած էր չորս փամփուշտ, իսկ միւս երկուքը` երեքական փամփուշտ: Դէպքը կրնայ ՔԱԿ-ի ղեկավար Ապտիւլլա Օճալանի եւ Թուրքիոյ կառավարութեան միջեւ ներկայիս ընթացող բանակցութեան «գլխուն» արձակուած փամփուշտ մը ըլլալ:
Ֆրանսայի մէջ քաղաքական սպանութիւններու երկարատեւ «բացակայութենէն» ետք տեղի ունեցած այս դէպքին պատճառով` տեղւոյն իշխանութիւնները յայտնուած են անախորժ կացութեան մը մէջ: Անոնք կը գտնուին դէպքին ծալքերուն վրայ լոյս սփռելու հարկադրանքին տակ, այլապէս զայն կանխարգիլելու մէջ Ֆրանսայի արձանագրած ձախողութիւնը կրնայ մեղսակցութեան վերածուիլ. ֆրանսական իշխանութիւնները կրնան ոճիրը դիտաւորեալ կերպով չկանխարգիլելու կամ առնուազն անոր ծալքերուն վերաբերեալ ճշմարտութիւնը ծածկելու յանցանքով ամբաստանուիլ:
Այս առումով, ֆրանսական իշխանութիւնները արդէն քրտական հարցին առնչակից երկու կողմերէն կ՛ենթարկուին ճնշումներու, որոնց ծիրին մէջ Թուրքիոյ քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահ Սելահէտտին Տեմիրթաշ «Լվինփրես»-ին յայտնեց, որ ինք կը հաւատայ, թէ ֆրանսական գաղտնի սպասարկութիւնը սպանութեանց վերաբերեալ «նուրբ տեղեկութիւն» մը ձեռք ձգած է: Իսկ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան «ներքին հաշուեյարդար»-ի թեզով ոճիրը քիւրտերուն վիզին փաթթելու իր փորձին յաջողութեան համար շանթաժի կը դիմէ` քննադատելով Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի եւ ֆրանսացի այլ քաղաքական գործիչներու սպաննուած «ահաբեկիչներէն» մէկուն հետ հանդիպումները, ինչ որ հեգնական է, երբ Թուրքիոյ կառավարութիւնը այժմ, ոչ առաջին անգամ ըլլալով, ՔԱԿ-ի հետ կը բանակցի: Ի վերջոյ, եթէ այդ մէկը Թուրքիոյ արտօնուած է, ուրիշին առաւել եւս արտօնուած է: Աւելի՛ն, Ֆրանսայի վրայ ճնշում բանեցնելու եւ թրքական կողմին նկատմամբ կասկածները փարատելու նպատակով` Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութիւնը Փարիզի ոճիրին շուրջ հետաքննութեան մը ձեռնարկած է: Հետաքննութիւն մը, որմէ, Էրտողանի կեցուածքին լոյսին տակ անակնկալներ պէտք չէ սպասել, որովհետեւ ինչպէս Հենրի Քիսինճըր կը նշէ. «Գաղտնի սպասարկութիւնները կը միտին արդարացնել այն, ինչ որ քաղաքական ղեկավարները կ՛որոշեն»:
Գործողութեան հեղինակը Արեւմտեան Եւրոպայի գլխաւոր քաղաքներէն մէկուն մէջ այսպիսի գործողութիւն մը կատարելու բաւարար ինքնավստահութիւն եւ յանդգնութիւն ունեցող կողմ մըն է: Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի Ներքին տեղեկահաւաքի ընդհանուր տնօրէնութիւնը «Ֆրանսայի մէջ թուրք ազգայնական շարժումները» խորագիրը եւ «Սահմանափակ սփռում» մակագրութիւնը կրող տեղեկագիր մը գրած էր: Զեկուցումը թուրք ազգայնականներու եւ «Գորշ գայլեր» կազմակերպութեան Ֆրանսայի մէջ ունեցած ցանցին մասին խօսելով կ՛եզրակացնէր, որ Ֆրանսայի մէջ թուրք ազգայնական կազմակերպութիւնները «դիւրին եւ ուղղակի կերպով զօրակոչի կ՛ենթարկուին թրքական գաղտնի սպասարկութեան կողմէ», եւ կը զգուշացնէր, որ այդպիսի ցանցի մը գոյութիւնը «կրնայ հասարակական ապահովութեան առումով հարցեր ստեղծել` մասնաւորաբար եւ ոչ բացառաբար մեր ծագումով հայ համաքաղաքացիներուն համար» (զեկուցումին ամբողջութիւնը տեսնել «Ազդակ»-ի 4 ապրիլ 2012 թիւին մէջ): Զեկուցումը վկայութիւն մըն է, թէ թրքական կողմը Ֆրանսայի մէջ այսպիսի գործողութիւն մը կատարելու «ենթակառոյցը» ունի:
Յամենայն դէպս, մէկ բան յստակ է, որ Սոմալիի մէջ պատանդ մը ազատագրելու ֆրանսական զինուորական ձախող գործողութեան կողքին, այս դէպքը եւս Ֆրանսայի վարկը կը հարուածէ:

