«1960-ի Ընտրական Օրէնքին Դէմ Ենք, Եւ Այդ Օրէնքին Հիման Վրայ Երեսփոխանական Ընտրութիւններ Չկան» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Նուր» ձայնասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ընտրական օրէնքի քննարկման խորհրդարանական ենթայանձնախումբի նիստերուն ընթացքին կարեւոր եւ խոր քննարկումներ կատարուած են ընտրական օրինագիծերուն շուրջ, յատկապէս այն առումով, որ իւրաքանչիւր քաղաքական կողմ իր մտավախութիւնները բացայայտած է:
«Ազգային երկխօսութեան նիստերու չկայացման հանգրուանին նման ենթայանձնախումբի մը գոյացումն ու աշխատանքները ողջունելի են եւ դրական», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ենթայանձնախումբին նիստերուն նախորդող հանգրուանին արձանագրուած խուսանաւումները անտեղի էին, եւ դժբախտաբար անոնց պատճառով ժամանակ կորսուած է:
Յ. Բագրատունի աւելցուց, որ յստակ էր, որ ենթայանձնախումբը միասնականութեան պիտի չյանգի, սակայն հասարակ յայտարարներ գտնելու եւ զանոնք ընտրական օրինագիծի մը յանգելու իբրեւ ենթահող ծառայեցնելու առումով դրական արդիւնքներ արձանագրուած են:
«Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծին առումով Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն միջեւ խախտումներ արձանագրուեցան: Լիբանանեան ուժեր եւ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնները զօրակցեցան Ուղղափառ հանդիպումի օրինագիծին, որ քուէարկութեան մեծամասնութեան արժանացաւ: Անոր յաջորդեց Լիբանանը 50 ընտրաշրջանի բաժնող ընտրական օրինագիծը եւ ապա կառավարութեան մշակած օրինագիծը», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը համաձայն է համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքի մը, որովհետեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքը միշտ ալ անցեալին այդ սկզբունքով կազմուած է` ներկայացնելու համար բոլոր կողմերը:
«Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծը իր կարգին հիմնուած է համամասնական դրութեան վրայ եւ այդ իմաստով անիկա կարեւոր է: Իսկ խորհրդարանը բաղկացնող երեսփոխաններուն թիւին առումով կարելի եղաւ վճռել, որ պէտք է պահել նոյն թիւը` 128 երեսփոխան, սակայն աւելցնելով 6 այլ երեսփոխաններ, ինչ որ իմ առաջարկս էր եւ որուն համաձայն` ներկայ կազմին վրայ կ՛աւելնայ 1 տիւրզի, 1 շիի, 1 սիւննի, 2 ասորի եւ 1 յոյն կաթողիկէ` ընդհանուր համախոհութեան մը համար, թէկուզ եւ չգոհացնելով լիբանանահայութեան բաժինը», նշեց Յ. Բագրատունի:
Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց նաեւ, որ 6 երեսփոխանները արտերկրի լիբանանցիներու ներկայացուցիչ երեսփոխաններու պիտակը պիտի չկրեն: Այս շրջագիծին մէջ ան աւելցուց, որ արտերկրի լիբանանցիներուն ներկայացուցչութիւնը միայն 6 երեսփոխանով կարելի չէ սահմանափակել եւ դուրս ձգել լիբանանահայութիւնը, որ արտերկրի լիբանանցիներու հսկայ թիւ մը կը կազմէ:
«Հետեւաբար մենք առաջարկեցինք, որ արտերկրի լիբանանցիները ներկայացնող երեսփոխաններուն թիւը բարձրանայ 10-ի», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ենթայանձնախումբին վաւերացնելիք ատենագրութեան հիման վրայ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի պիտի որոշէ, թէ ենթայանձնախումբը պէ՞տք է շարունակէ իր քննարկումները, թէ՞ ոչ:
Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծին մասին խօսելով Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ այդ օրինագիծը արդիւնք է 1992-էն ի վեր քրիստոնեայ համայնքին իրաւազրկումին, քրիստոնեաներուն լուսանցքայնացումին եւ զանոնք պատժելու քայլերուն: Ան շեշտեց, որ ընտրական օրէնքը պէտք է ըլլայ ազգային համարկման արդիւնքը եւ ազգային միասնականութեան թարգմանը:
«Ուղղափառ հանդիպումին օրինագիծը Լիբանանը չի մասնատեր եւ զայն դաշնակցային պետութիւններու չի վերածեր», ըսաւ ան:
Լիբանանը կառավարելու սկզբունքներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ բացի Դիմադրութեան զէնքին հարցէն, լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը համաձայն են երկրին կառավարման սկզբունքներուն շուրջ, եւ իբրեւ այդպիսին պէտք է փոխադարձ յարգանք պարտադրել եւ յանգիլ ոչ թէ միայն բոլոր համայնքներուն լաւ ներկայացուցչութիւն ապահովող օրինագիծին, այլ` լաւագոյն ներկայացուցչութիւն ապահովող օրինագիծին:
«Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծը լիբանանահայութեան կ՛ընծայէ հինգ հայ առաքելական եւ մէկ հայ կաթողիկէ երեսփոխաններ ընտրելու առիթը», ըսաւ ան:
1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ ընտրութիւններ կատարելու հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ իրենք դէմ են 1960-ի ընտրական օրէնքին` ընդգծելով, որ այդ օրէնքին հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւններ պիտի չկատարուին:
Նախկին նախարար Ֆուատ Պութրոսի ներկայացուցած օրինագիծին հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ «եթէ այդ օրինագիծը յարմար ըլլար, ապա շատոնց զայն նկատի կ՛ունենայինք»:
Յաջորդ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին ՀՅ Դաշնակցութեան ընտրական դաշինքներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կառչած պիտի մնայ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ իր դաշինքին, իսկ Մեթնի մէջ մենք դաշնակից ենք թէ՛ զօր. Աունի եւ թէ՛ երեսփոխան Միշել Մըրի:
«ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն յանձնառու է իր դաշնակիցներուն նկատմամբ եւ այդ կեցուածքին պատասխանատու կը մնայ, ինչպէս նաեւ համոզուած կը մնայ երկրին մէջ փոխադարձ գործակցութեան եւ ազգային երկխօսութեան ընտրանքին», նշեց երեսփոխան Բագրատունի` մաղթելով, որ ոչ ոք զղջայ երկխօսութեան իր մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելու որոշումին համար:
Լիբանան հասած սուրիահայերուն հաւանական թիւին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ անոնք շուրջ 5,500 հոգի են` նշելով, որ ոմանք արդէն իսկ ժամանակաւոր կերպով Լիբանան հաստատուած են, իսկ ոմանք հիւրընկալուած են լիբանանահայութեան կողմէ:
Ան նշեց, որ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններն ու երեք յարանուանութիւնները արդէն իսկ աշխատանքի ծրագիր մը որդեգրած են` օժանդակելու համար սուրիահայ գաղթականներուն, ըլլան անոնք դպրոցներուն մէջ, դարմանատուներուն մէջ, թէ բժշկական օգնութեան եւ սննդեղէնի տրամադրութեան առումով:
«Սակայն լիբանանեան պետութիւնն ու արաբական պետութիւնները եւ միջազգային ընկերութիւնը եւս առանց յապաղումի պէտք է օժանդակեն գաղթականներուն, ինչպէս նաեւ պէտք է վերջ տան դէպի Սուրիա զէնք ուղարկելու քայլերուն եւ նպաստեն Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծման», ըսաւ ան:
Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ Հալէպի մէջ հայութիւնը եւս ծանր վնասներ կրած է Սուրիոյ տագնապին իբրեւ հետեւանք` աւելցնելով, որ Հալէպի, Հոմսի, Դամասկոսի, Քեսապի եւ Տէր Զօրի մէջ կը տիրէ ապահովական ապակայունութիւն:
«Մենք ստիպուեցանք նաեւ Լիբանանէն Հալէպ օժանդակութիւն ղրկելու, իսկ ՀՅ Դաշնակցութիւնը Հայաստանէն եւս երեք օդանաւ սննդեղէն եւ այլ տնային կարիքներ գործուղեց Սուրիա: Օժանդակութիւնները բաժնուեցան բոլորին եւ ոչ միայն հայերուն», յայտնեց ան:
Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ կարելի չէ ըսել, որ միայն հայութիւնը թիրախ դարձաւ, անհաւանական չէ, որ թրքական կողմեր այս առիթը կ՛ուզեն օգտագործել եւ հայերը հեռացնել սուրիական սահմանամերձ որոշ շրջաններէ:

