Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը Կը Սպասէ Նորվեկիոյ Հերքումին

երէկ Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ հանդիպում ունեցան այդ երկրին եւ Նորվեկիոյ արտաքին գործոց նախարարները: Բնականաբար, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը խօսեցաւ ղարաբաղեան տագնապի մասին, ապա սահուն անցում կատարեց Ղարաբաղի մէջ սուրիահայերու բնակեցման, Ստեփանակերտի օդակայանին ու յայտարարեց, թէ երկուքն ալ իրեն կը մտահոգեն, եւ հարցը իրենց ուշադրութեան կեդրոնը կը գտնուի:

«Օդակայանը ինքնին խնդիրներ չի ստեղծեր, ատիկա կրնայ օգտագործուիլ մարդասիրական նպատակներով, սակայն այս ամէնը պէտք է լուծուի խաղաղութեան մեծ փաստաթուղթի ծիրին մէջ», ըսաւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը: Ան նաեւ յայտնեց, որ հայկական կողմը պիտի ոտնահարէ միջազգային իրաւունքի կանոնները, եթէ գործարկէ Ստեփանակերտի օդակայանը առանց Լեռնային Ղարաբաղէն եւ շրջակայ տարածքներէն զօրքերը դուրս բերելու:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին դիրքորոշումը նորութիւն չէ հայկական կողմին համար. գրեթէ ամէն օր անոնք այդ յայտարարութիւնները կը կատարեն, միայն թէ տարբեր զրուցակիցներու շրջագիծին մէջ: Ուշագրաւը այստեղ նորվեկիացի պաշտօնեայի արձագանգն է: Ազրպէյճանական մամուլը կը գրէ, որ Նորվեկիոյ արտաքին գործոց նախարար Էսփեն Պարտ Էյտ պաշտպանած է ազրպէյճանցի արտաքին գործոց նախարարին այս դիրքորոշումը: «Մենք համաձայն չենք այս հարցին մէջ Հայաստանի դիրքորոշումին հետ: Թռիչքները «գրաւեալ տարածքներուն» վրայով անկարելի են: Այս հարցը պէտք է քննարկուի Մինսքի խմբակին մէջ, եւ կողմերը պէտք չէ դիմեն «սադրիչ գործողութիւններու», ըստ «Ինթըրֆաքս – Ազրպէյճան»-ին` յայտարարած է Նորվեկիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

Յայտնի չէ, եթէ Ճիշդ կը գրէ՞ ազրպէյճանական մամուլը, թէ՞ այս անգամ ալ աղաւաղած է Նորվեկիոյ արտաքին գործոց նախարարին ըսածը: Ամէն պարագայի, ան տակաւին չէ հերքած: Նորվեկիացի պաշտօնեայի տարօրինակ վարքագիծը մեկնաբանելու խնդրանքով «Երկիր» դիմեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեանին: «Նախ եւ առաջ, քանի որ այս տեղեկութիւնը սփռուեցաւ Ազրպէյճանի կողմէ, կարելի է, որ անոնք աղաւաղած են. չի բացառուիր, որ  համապատասխան յայտարարութիւն ըլլայ: Նորվեկիան յայտնի է իր մարդասիրական աւանդութիւններով, եւ պէտք չէ մոռնալ Նորվեկիոյ ներդրումը միջազգային մարդկային իրաւունքի զարգացման գործին մէջ. հսկայական առաքելութիւն ունի, մեծ ուսումնական ժառանգութիւն ձգած է, եւ ուրեմն, չի կրնար այսպիսի յայտարարութիւն կատարել», ըսաւ Դաւիթ Բաբայեան` աւելցնելով, որ Ստեփանակերտի օդակայանը ոչ մէկ կապ ունի ղարաբաղեան-ազրպէյճանական յարաբերութիւններուն հետ:

Ըստ Բաբայեանի, Ազրպէյճան կը շահարկէ նաեւ գաղթականներու խնդիրը եւ ատիկա կը կապէ զանազան անտրամաբանական հոլովոյթներու հետ, ինչ որ ոչ միայն կը հակասէ մարդկային իրաւունքին, այլեւ միջազգային իրաւունքի կոպիտ խախտում է: «Ազրպէյճան այս իրավիճակին մէջ փորձած է իր դիրոքորոշումը արդարացնելու համար օգտագործել այլ պետութիւններու ներկայացուցիչներուն խօսքը: Սակայն խիստ կը կասկածիմ, որ Նորվեկիան այսպիսի միակողմանի յայտարարութիւն կատարէր, մանաւանդ որ` ան ո՛չ կարելիութիւն ունի, ո՛չ շահեր` ազդելու այս խնդիրին վրայ», ըսաւ Դաւիթ Բաբայեան եւ եզրափակեց. «Կա՛մ արտաքին գործոց նախարարը խախտած է իր լիազօրութիւնները, կա՛մ թիւրիմացութիւն է: Մենք դիմադրողական համակարգ ունինք Ազրպէյճանի կողմէ այսպիսի ճնշումներու հարցին մէջ»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES