Էն. Պի. Էյ. Հաուըրտ Վերադարձաւ, Լէյքըրզ Յաղթեց

Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան եօթը մրցումներ:

Տուայթ Հաուըրտի վերադարձը իր կարեւոր դերը ունեցաւ, որ անոր կազմը` Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, յաղթէ եւ վերջ մը դնէ իր պարտութիւններու շարքին, որ եղած էր ամէնէն ձախողը` շուրջ վեց տարիէ ի վեր:

Յաջորդական վեց պարտութիւններէ ետք Լէյքըրզ 113-93 արդիւնքով յաղթեց Քլիվլենտ Քաւալիրզի: Հաուըրտ նշանակեց 22 կէտ եւ 14 ռիպաունտ, իսկ Լէյքըրզի անոր խմբակից Քոպի Պրայընթ` 23 կէտ եւ 6 էսիսթ:

Նշենք, որ Լէյքըրզէն բացակայեցան Փօ Կազոլ եւ Ճորտըն Հիլ (վիրաւոր):

Երէկուան մրցումներուն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Քեւին Տիւրընթ (33), երբ անոր կազմը` Օքլահոմա Սիթի, 87-83 արդիւնքով յաղթեց Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզի:

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Նիւ Եորք Նիքս – Նիւ Օրլինզ 100-87
Միլուոքի Պաքս – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 107-96
Պրուքլին Նեթց – Ինտիանա Փէյսըրզ 97-86
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Մինեսոթա Վուլվզ 106-88
Տենվըր Նակեթց – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 116-105
Օքլահոմա Սիթի – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 87-83
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Քլիվլենտ Քաւալիրզ 113-93

Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.

Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Օրլանտօ Մեճիք
Պոսթըն Սելթիքս – Շարլոթ Հոռնեթց
Շիքակօ Պուլզ – Աթլանթա Հոքս
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ
Տալաս Մավըրիքս – Մինեսոթա Վուլվզ
Եութա Ճեզ – Մայեմի Հիթ
Ֆէոնիքս Սանզ – Օքլահոմա Սիթի
Սաքրամենթօ Քինկզ – Քլիվլենտ Քաւալիրզ

 

 

Share this Article
CATEGORIES