50 Տարի Առաջ (17 Յունուար 1963)

Խմբագրական

Ախտաւոր Երեւոյթներ

Ա.

Կարգ մը ախտաւոր երեւոյթներ կը սպառնան վտանգաւոր կերպով բոյն դնել մեր բարքերէն ներս: Բարոյախօսութիւնը չէ մեր նպատակը: Գործնական չենք նկատեր օդին մէջ նետուած խօսքերը, որոնք դատապարտուած են մնալու ձայն բարբարոյ յանապատի: Պիտի գոհանանք կարգ մը մատնանշումներով, աւելի` կոչ ընելով մեր ժողովուրդի զգաստութեան, երեւան հանելու համար վտանգաւոր այլասերման մը տուն տուող հիմնական պատճառները:

Առաջին երեւոյթը տասնամեակներու պատմութիւն ունի, բայց կարգ մը նորագոյն դէպքեր եկան յիշեցնելու, թէ այդ ուղղութեամբ թափուած ուղղակի կամ անուղղակի աշխատանքները բաղձալի արդիւնքը չեն տուած:

Ճիշդ է, որ շնորհիւ վարժարաններու տարածուն ցանցին, մշակութային միութիւններու գործունէութեան` թրքախօսութիւնը վերջին տասնամեակներու ընթացքին նահանջի մէջ է, բայց տակաւին երբեմն կը գտնուինք այնպիսի երեւոյթներու առջեւ, որոնք աւելի քան երբեք դատապարտելի են:

Չենք խօսիր յիսունը անց հայրենակիցներու թրքախօսութեան մասին: Անոնցմէ ոմանք դժբախտութիւնը ունեցած են զրկուելու մայրենի լեզուէն, ծանօթ պայմաններու բերումով: Ուրիշներ տակաւին տուրք կու տան հին սովորութեան մը: Ցաւը հոն է, որ մեր թշնամիին լեզուն տակաւին «կը ծաղկի» շրթներուն վրայ անոնց, որոնք ծնած ու հասակ նետած են այս միջավայրին մէջ, ուր ոչ մէկ արգելք կայ խօսելու մայրենի լեզուն:

Ասիկա տակաւին ամէնօրեայ դրսեւորումն է հիւանդագին ախտի մը: Հապա ի՞նչ ըսել այն հայերուն մասին, երիտասարդ տղաք ու աղջիկներ, որոնք դեռ անցեալ շաբաթ կը լեցնէին շարժանկարի սրահ մը` թրքական ժապաւէն մը դիտելու համար: Ու մտածել, որ երբ առեւտուրի մարդիկ նման ժապաւէններ կը բերեն Պէյրութ, կը վստահին միայն հայ զանգուածին «թրքասիրութեա՜ն»: Այլապէս, պիտի չհամարձակէին այդպիսի բազմածախս ձեռնարկներու մէջ նետուիլ:

Հոս է բուն ցաւը: Մեզ շրջապատող ժողովուրդները մեր «Ապրիլ 24»-ի՞ն հաւատան, թէ՞ շարժանկարի այդ սրահը լեցնող բազմութեան:

Հաւանաբար այս տողերը այդ «թրքասէրներէն» քիչերուն հասնի: Շատ հաւանաբար անոնք հայերէն թերթ ալ չեն կարդար: Բայց կարդացողները նուիրական պարտականութիւնն ունին իրենց շրջապատին մէջ տարածելու այս մատնանշումները` ի շահ մեր ժողովուրդի ազգային դիմագծի անաղարտ պահպանման:

Մեր մամուլը պէտք է անդուլ պայքար մղէ այս ուղղութեամբ: Իրենց հայրենակիցներուն առջեւ պէտք է վարկաբեկեն այն տարրերը, որոնք տակաւին կը յամառին թրքական լեզուին ձրի քարոզիչները հանդիսանալ այս երկիրներուն մէջ, ինչպէս այնքան ամբարտաւանօրէն դիտել կու տար թուրք լրագրող մը, տարիներ առաջ:

Հայ ժողովուրդը չի կրնար հանդուրժել այդ նախատինքը: Պէտք չէ հանդուրժէ: Պէտք չէ հանդուրժէ մանաւանդ երիտասարդութիւնը, որ թէեւ չտեսաւ թուրքին վայրագութիւնները, բայց գիտէ (չի կրնար չգիտնալ), թէ մեր բոլոր դժբախտութեանց աղբիւրը թուրքն է,  պետութիւն ու ժողովուրդ:

Այս ուղղութեամբ մեծ դեր ունին կատարելիք մեր մշակութային միութիւնները, որոնք իրենց անդամներու ցանցով, հայկական թաղերու մէջ, պէտք է համոզիչ պայքարի ձեռնարկեն թրքախօսութեան աւերին դէմ:

Ո՛վ որ իր ներկայութեան հայ երիտասարդի մը թրքախօսութեան կը հանդուրժէ, նոյնքան յանցաւոր է անուղղակի քաջալերողի իր դերին մէջ:

Այս գիտակցութիւնը ունեցող մեր հայրենակիցներու ճիգը, վստահ ենք, որ ապարդիւն պիտի չմնայ եւ պիտի նպաստէ անհետացման այն ախտաւոր երեւոյթներուն,  որոնց մասին պիտի անդրադառնանք առանձինն:

Share this Article
CATEGORIES