Իրանի Հոգեւոր Պետը Կ՛արգիլէ Հիւլէական Զէնքի Ստեղծումն Ու Օգտագործումը

Այաթոլլա Ալի Խամենէի

«Կռուզիա օնլայն» կը հաղորդէ, որ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի կրօնական նոր որոշումով մը արգիլած է հիւլէական զէնքը:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ այս որոշումը իրանեան կառավարութեան համար պարտադիր է` ենթադրելով, որ այդ որոշումը վերջ պիտի դնէ այն քննարկումներուն, ըստ որոնց, Թեհրան հիւլէական զէնքի մշակման աշխատանքներ կը կատարէ:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռամին Մեհմանփարասթ յայտարարած է, որ Արեւմուտքը պէտք է գիտակցի ամբողջ Իրանի համար այաթոլլա Ալի Խամենէիի որոշումին նշանակութեան:

«Ոչինչ աւելի բարձր է, քան գերագոյն հոգեւոր պետին որոշումը, այդ է հիւլէական ճարտարագիտութեան մարզին մէջ մեր գործունէութեան հիմքը», ըսած է դիւանագէտը:

«Միկնիուզ» լրատու գործակալութիւնը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Մեհմանփարասթ նշած է, թէ այդ որոշումին հետեւիլը բոլորին պարտականութիւնն է:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )