Մանսուր Ընդունեց Սուրիոյ Եւ Իրանի Դեսպանները

Մանսուր եւ Սուրիոյ դեսպանը

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ շեշտեց, որ Ազեզի մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն մասին լուրեր չկան` աւելցնելով սակայն, որ այս իմաստով Թուրքիոյ հետ քննարկումները ընթացքի մէջ են` յանգելու համար լուծումի մը:

Միւս կողմէ, Մանսուր Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու Սուրիոյ տագնապին մանրամասնութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ալի կոչ ուղղեց կասեցնելու զէնքերու Սուրիա մաքսանենգումի բոլոր աշխատանքները:

Ան նշեց, որ Սուրիա ամէն ջանք ի գործ կը դնէ մաքրագործելու իր հողերուն վրայ գտնուող բոլոր ահաբեկիչները, որոնք աշխարհի տարբեր շրջաններէն են:

Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ալի յայտնեց, որ դեսպանատունը կը գործակցի Լիբանանի կառավարութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութեան հետ` համադրելու համար ընդհանուր աշխատանքը:

Ալի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանատունը կը յարգէ դիւանագիտական իր պարտաւորութիւնները:

Արտաքին գործոց նախարարին այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի, որ յայտնեց, թէ Մանսուրի հետ քննարկած է շրջանային իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Ապատի կոչ ուղղեց լիբանանեան միասնականութեան ամրապնդման` աւելցնելով, որ Լիբանան մէկ թշնամի ունի եւ անիկա Իսրայէլն է:

Իրանի դեսպանը հաստատեց, որ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները ներքին լիբանանեան հարց են եւ Թեհրան կը զօրակցի լիբանանեան միասնականութեան` բոլորէն նոյն հեռաւորութեան վրայ մնալով:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )