«Ազդակ-Բացառիկ»-ի Շնորհահանդէսը` Երեւանի Մէջ
Երէկ` ուրբաթ, 18 յունուարին, Երեւանի «Ուրբաթ» մամուլի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազդակ» օրաթերթի 2013 թուականի «Ազդակ-բացառիկ» հատորի շնորհահանդէսը: «Ազդակ-բացառիկ»-ը հրատարակուած է տէր եւ տիկին Ալեքօ եւ Անի Պեզիքեաններու հովանաւորութեամբ: Հատորը ներկայացուցին փորձագէտ, լրագրող Թաթուլ Յակոբեան եւ «Ազդակի»-ի 31-ամեայ աշխատակից, մշակոյթի բաժինի խմբագիր Մովսէս Հերկելեան: 240 էջնոց «Ազդակ-բացառիկ»-ին մէջ ներառուած են շուրջ երեք տասնեակ ուսումնասիրութիւններ, որոնք կը ներառեն հայութիւնը յուզող բազմաթիւ խնդիրներ` սուրիահայութեան տագնապ, հայութիւն եւ Հայ դատ, մշակոյթ եւ արուեստ, հայ գիրքի 500-ամեակ, Հայաստանի ներքաղաքական զարգացումներ:
«Այս միայն գիրք չէ, այլ կարեւոր տարեգրութիւն է: Այս մշակոյթը Հայաստանի մէջ զարգացած չէ, երբ օրաթերթերը տարեվերջին համարը կը հրատարակեն եւ անոնց կը ներառեն անցնող կարեւոր իրադարձութիւնները: Ասիկա հարազատ է միջազգային մամուլին», ըսաւ Թաթուլ Յակոբեան:
«Տարուան ընթացքին քանի մը բացառիկ կը հրատարակէ «Ազդակ»-ը: Ամէնէն շատ կարեւոր կը նկատուին Նոր տարուան եւ ապրիլ ամսուան բացառիկները: Մեր բացառիկներուն բնոյթը այն է, որ նեղ-քաղաքական բնոյթ չունենայ, այլ ընդգրկէ ամբողջ սփիւռքը, ամբողջ Հայաստանի անցուդարձը. «Ազդակ-բացառիկ»-ը ունի հանրագիտարանային բնոյթ: Իբրեւ մշակոյթի մասնագէտ ըսեմ, որ «Ազդակ»-ը երբեք մշակոյթը լուսանցքի վրայ չի դներ: Մեր մշակոյթ բաժինը կը պատկանի ամբողջ հայութեան, եւ ուր որ ալ ըլլան կարեւոր իրադարձութիւններ, մրցանակներ, միջազգային երեւոյթներ, այդ բոլորին «Ազդակ»-ը կ՛անդրադառնայ իբրեւ իր պարտականութիւնը», նշեց Մովսէս Հերկելեան:
«Ազդակ-բացառիկ»-ը հայաստանեան ընթերցողին շնորհահանդէսի ժամանակ բաժնուեցաւ ձրի: Թաթուլ Յակոբեան տեղեկացուց, որ հատորէն պիտի ուղարկուի նաեւ տարբեր կեդրոններ` Գրապալատ, Ազգային գրադարան եւ այլուր: