Բրիտանիա Կրնայ Եւրոպական Միութեան Անդամակցութիւնը Դադրեցնել, Եթէ Պրիւքսել Իր Անդամակցութեան Նոր Ձեւաչափին Չհամաձայնի
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ կը նախատեսուէր, որ Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն երէկ Ամսթերտամի մէջ արտասանէր խօսք մը, որուն մէջ պիտի յայտարարէր, թէ Բրիտանիա կրնայ Եւրոպական Միութեան իր անդամակցութիւնը դադրեցնել, եթէ Պրիւքսէլ իր անդամակցութեան նոր ձեւաչափին չհամաձայնի:
Կը նախատեսուէր, որ Բրիտանիոյ վարչապետը Հոլանտայի մայրաքաղաքին մէջ յստակ պատասխան մը տար իր երկրին եւ Եւրոպական Միութեան ապագայ յարաբերութիւններուն վերաբերեալ:
Քամերոն իր արտասանելիք խօսքը, որուն վրայ քանի մը շաբաթ աշխատած է, անուանած է առանցքային Բրիտանիոյ արտաքին քաղաքականութեան համար, սակայն Բրիտանիոյ վարչապետի Ամսթերտամ այցելութիւնը յետաձգուած է Ալճերիոյ մէջ գերեվարուած բրիտանացիներուն պատճառով:
Բայց եւ այնպէս, այդ խօսքի ամէնէն կարեւոր հատուածները հրապարակուած են վարչապետի մամլոյ ծառայութեան կողմէ: Անոնց մէջ մասնաւորաբար կը նշուի, որ Բրիտանիա պէտք է Եւրոպական Միութեան մէջ կարեւոր եւ աշխուժ դեր ունենայ, սակայն գոյութիւն ունեցող տարակարծութեանց պարագային ատիկա քիչ հաւանական է:
Բացի ատկէ, հրապարակուած նիւթերէն յստակ դարձած է, որ Բրիտանիոյ համար կատարեալ տարբերակը այն է, որ երկիրը Եւրոպական Միութեան հետ միասնական տնտեսական գօտիին մէջ ընդգրկուի, սակայն մնացեալ բոլոր մարզերը մնան բրիտանական խորհրդարանի հսկողութեան տակ:


