Նախագահ Սլէյման Այցելեց Նաքուրա

Զօրավարներ Սերրա եւ Քահուաժի կը դիմաւորեն նախագահ Սլէյմանը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման` ընկերակցութեամբ պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընի, երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին հասաւ Նաքուրայի ՖԻՆԻՒԼ-ի էջուղի, ուր դիմաւորուեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի եւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրայի կողմէ:

Լիբանանի եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն զոյգ քայլերգները նուագելէ ետք նախագահ Սլէյման ընդարձակ հանդիպում մը ունեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի պատասխանատուներուն հետ` քննարկելու համար բանակին եւ միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու միջոցները:

Նախագահ Սլէյման Նոր տարուան առիթով իր շնորհաւորութիւնները փոխանցեց անոնց, ինչպէս նաեւ յուշանուէրներ փոխանակեց զօր. Սերրայի հետ:

Ապա ան փոխադրուեցաւ Սուրի մէջ գտնուող լիբանանեան բանակի զինուորական խարիսխը, ուր խօսք առնելով շեշտեց, որ իրենց նպատակն է ուղղուիլ դէպի ընտրական օրինագիծ մը, որ 1960-ի ընտրական օրէնքէն աւելի լաւ ըլլայ, ինչպէս նաեւ ըլլայ օրինագիծ մը, որ նման է Լիբանանի բազմատարր ժողովրդավարութեան եւ որուն շնորհիւ երեսփոխանական պլոքներ կարելի է կազմել ոչ յարանուանական հիմքով կամ ենթահողով եւ ծայրայեղականութեամբ:

Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց մշակելու ընտրական օրէնք մը, որ կ՛ամրապնդէ ազգային միասնականութիւնը, որովհետեւ Լիբանանի եւ լիբանանցիին արժէքն ու  իրաւունքները կը կայանան բազմազանութեան իր բնոյթին մէջ:

Նախագահ Սլէյման շնորհաւորեց բանակը, որ Կազայի դէմ յարձակումին ընթացքին իր հակակշիռին տակ առաւ երկրին սահմանները` առանց Լիբանանը միջամուխ դարձնելու այնպիսի տագնապի մը, որմէ ո՛չ Լիբանանին եւ ո՛չ ալ պաղեստինին շահ կայ:

Ան ընդգծեց, որ «Արաբական գարուն»-ը եկած է փաստելու, որ լիբանանեան բանակը իրաւունք ունէր եւ երբեք երկրին վարչակարգին բանակը չէր եղած, այլեւ` բանակ մը, որ ամբողջ երկրին կը պատկանի եւ բոլոր քաղաքացիներուն: «Բանակ մը, որ երկրին ժողովրդավարութիւնն ու ազատութիւնները կը պահպանէ», ըսաւ ան:

Նախագահ Սլէյման անհրաժեշտ նկատեց, որ բանակը նախ եւ առաջ ինքզինք անմասն պահէ քաղաքական լարուածութիւններէն եւ համայնքային ու յարանուանական ծայրայեղութիւններուն մէջ ներքաշուելէ:

Նախագահ Սլէյման նշեց նաեւ, որ լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող քարիւղի բնական հարստութիւնը պաշտպանելը յատուկ ռազմավարութիւն մը կ՛ենթադրէ եւ այդ մէկը պահանջուած է լիբանանեան բանակէն, որ կարիքը ունի զէնքի ու զինամթերքի: «Թէեւ կառավարութիւնը այդ իմաստով ծրագիր մը վաւերացուցած է, սակայն բանակին զինումը պիտի կարօտի հինգ տարուան ժամանակի, հետեւաբար, մինչ այդ ժամանակը, կարելի է օգտուիլ Դիմադրութեան զէնքէն եւ զայն օգտագործել այնպիսի ռազմավարութեամբ մը, որուն մասին Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին կարելի է համաձայնութիւն գոյացնել», ըսաւ ան:

Սուրիոյ մասին խօսելով` նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Սուրիոյ միասնականութեան պահպանումը կարեւոր է` աւելցնելով, որ պէտք է համաձայնութիւն մը գոյացնել ժողովրդավարական վարչակարգի մը շուրջ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )