Երեսփոխան Բագրատունի Կը Դատապարտէ
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նախարար Ֆայսալ Քարամէի հետ: Ան Հայկական երեսփոխանական պլոքին եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին անունով խստիւ դատապարտեց Քարամէի դէմ գործուած մահափորձը եւ ուրախութիւն յայտնեց անոր փրկութեան համար:
CATEGORIES Լիբանանեան

