Հարիւր Հազարաւորներ Ոգեկոչեցին Հրանդ Տինքի Յիշատակը
Շաբաթ օր լրացաւ 2007 թուականին «Ակօս» թերթի խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան 6-րդ տարելիցը: Հարիւր հազարաւոր մարդիկ Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակէն քայլարշաւ կատարեցին եւ գացին «Ակօս» թերթի խմբագրատան շէնք, որուն մօտ թուրք ազգայնականի մը փամփուշտով սպաննուեցաւ Հրանդ Տինք:
Բազմահազար ցուցարարները` հայեր, թուրքեր եւ քիւրտեր, կը բացագանչէին «Բոլորս հայ ենք»: Բազմութեան բարձրացուցած պաստառներուն վրայ կային հայերէն, թրքերէն եւ քրտերէն գրութիւններ: «Դատդ չի վերջանար, մինչեւ մենք չըսենք վերջացած է», գրուած էր պաստառներուն վրայ:
CATEGORIES Հայկական

