ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ԹՐԻՓՈԼԻԻ Թինալ մզկիթին կից երէկ պայթում մը արձանագրուեցաւ: Պայթումին վայրը փութացին ապահովութեան ուժերը, որոնք նկատեցին, թէ մզկիթին պատին տակ ձեռնառումբ մը պայթած է, ինչպէս նաեւ նկատեցին, որ կայ նաեւ այլ ձեռնառումբ մը, որ զետեղուած է նոյն վայրին մէջ: Անոնք շրջափակեցին շրջանը` պայթեցնելու համար ձեռնառումբը:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի պատասխանատուներէն մէկը օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին վերահաստատած է Մուսթաքպալ հոսանքին դէմ ամբաստանութիւնները` Սուրիոյ ներքին հարցերուն միջամուխ ըլլալու եւ ներքին խլրտումներ հրահրելու առնչութեամբ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը խոչընդոտող առաջին պատասխանատուն վարչապետ Նեժիպ Միքաթին է, որ կ՛ենթարկուի Արեւմուտքի  եւ արաբական աշխարհին բանեցուցած ճնշումներուն:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա շեշտեց, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը իրաւունք մըն է, որ համախմբումը շահած է եւ ոչ մէկ ձեւով պիտի հրաժարի անկէ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոն 8 մայիսին Ֆրանսայի համար նահատակուած զինուորներուն յիշատակը ոգեկոչելու առիթով դեսպանատան մէջ պարգեւատրեց ֆրանսացի եւ լիբանանցի զինուորներ` ընդգծելով Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ պատմական յարաբերութիւնները պահպանելու անհրաժեշտութիւնը: Այս առիթով Փիեթոն ողջունեց նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող ֆրանսական ջոկատը:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին յայտնեց, որ Լիբանանի ապագան փայլուն է` աւելցնելով, որ լիբանանցիներուն սպասած կառավարութիւնը անպայման պիտի կազմուի եւ ամէն ջանք ի գործ պիտի դրուի նախկին կառավարութիւններուն որդեգրած քաղաքական մշակոյթը փոխելու: Միւս կողմէ, ան շեշտեց նաեւ, որ ներկայիս Դիմադրութեան նկատմամբ վստահութիւնը ամրապնդուած է, որովհետեւ ան պիտի կարենայ յաղթահարել բոլոր մարտահրաւէրները:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Մայքըլ Ուիլիըմզ անցեալ շաբաթավերջին այցելեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ամէնէն արագ միջոցին կառավարութեան կազմութեան անհրաժեշտութիւնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES