Հայաշատ Հալէպը Աշխարհէն Կտրուած Է. Սուրիական Օդանաւային Ընկերութիւնը Այսօր Փոխան Երեւան – Հալէպ Թռիչքին Երեւան – Լաթաքիա Թռիչք Մը Պիտի Կատարէ
Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ հայաշատ Հալէպ քաղաքը արտաքին աշխարհէն կտրուած է` ցամաքային ճանբաները վտանգաւոր են, իսկ օդակայանը փակ է:
Ան յայտնած է, որ օդակայանին վերաբացման վերաբերեալ յստակ տեղեկութիւններ չկան: Տեղեկութիւն ստանալու համար արգելք կը հանդիսանան նաեւ կապի միջոցները, որոնք անկանոն կերպով կը գործեն:
Ռէյիսեան նաեւ տեղեկացուցած է, որ Հալէպի Մուհաֆազա թաղամասին մէջ երեք օր առաջ ամբողջ քաղաքը ցնցած պայթումէն բարեբախտաբար հայեր չեն վնասուած:
Ան աւելցուցած է, որ ընդհանուր առմամբ քաղաքին մէջ մեծ փոփոխութիւններ տեղի չեն ունեցած, սակայն բախումները կը շարունակուին:
Ըստ Ռէյիսեանի, Սուրիական օդանաւային ընկերութիւնը այսօր նախատեսուած Երեւան-Հալէպ թռիչքին փոխարէն Երեւան-Լաթաքիա թռիչք մը պիտի կատարէ:


