Իրաքի Վարչապետը Խստիւ Կը Դատապարտէ Տաւութօղլուի Յայտարարութիւնը

Նուրի Մալիքի

ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքի խստիւ դատապարտած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի վերջին յայտարարութիւնը: Ան ընդգծած է, որ այդպիսի յայտարարութիւնները բարի դրացիական յարաբերութիւններուն վնասող կոպիտ միջամտութիւն են Իրաքի ներքին գործերուն:

Մալիքի նշած է, որ որոշ շրջանակներ չեն ընդունիր իրաքցիներու հաշտութիւնը եւ անոնց խնդիրներուն խաղաղ երկխօսութեան ճամբով լուծումը: Անոնք հիասթափուած են, որ ակնկալուած զինեալ բախումներու դիպաշարը չէ իրականացած:

Իրաքի վարչապետը աւելցուցած է, որ այն ժամանակ, երբ Իրաքի մէջ խնդիրները կը լուծուին, երկիրը կը բախի իրաքեան հասարակութեան տարբեր շերտերուն միջեւ երկխօսութիւնը խզելու եւ միջհամայնքային թշնամանք հրահրող յայտարարութիւններու:

Ան իրաքցիներուն կոչ ուղղած է հաւատարիմ մնալու երկխօսութեան ուղիին եւ արթուն ըլլալու Իրաքի եւ անոր ժողովուրդի բարօրութիւն, կայունութիւն եւ բարգաւաճում չցանկացող շրջանային որոշ ուժերու միջամտութեան ծրագիրներուն նկատմամբ:

Նշենք, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարած էր, որ Իրաքի վարչապետին կողմէ Իրաքի որոշ քաղաքական գործիչներու հետապնդումը երկրին մէջ կը ստեղծէ լարուածութիւն, որ իրաքցիներուն միջեւ գրեթէ զինեալ բախումի յանգեցուցած է:

 

Share this Article
CATEGORIES