Պասիլ. «Պատրաստ Ենք Զոհելու Ամէնէն Թանկագինը` Ի Խնդիր Լիբանանի Կայունութեան Պահպանումին»
Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ այցելեց նախկին վարչապետ Օմար Քարամէի բնակարանը, ուր ներկայ էր նաեւ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ֆայսալ Քարամէ:
Հանդիպումէն ետք կատարած իր յայտարարութեան մէջ Պասիլ շեշտեց, որ Քարամէի տան մէջ իրենք կը գտնուին ազգային մեծ անձնաւորութիւններու դէմ յանդիման` աւելցնելով, որ անոնք անձնաւորութիւններ են, որոնք իրենց արիւնը եւ նահատակներ տուած են` պահպանելու համար Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը:
Պասիլ շեշտեց, որ Քարամէ ընտանիքին համար դիւրին չէ նման միջադէպ մը կամ պատահար մը շրջանցելը, «որովհետեւ անիկա միջադէպէ մը շատ աւելին է, սակայն զայն շրջանցելու կամքը բխած է Լիբանանը եւ անոր կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ Թրիփոլին եւ անոր ապահովական կայունութիւնը պահպանելու ազգային անշեղ կեցուածքէն», ըսաւ Պասիլ:
Պասիլ մաղթեց, որ Ֆայսալ Քարամէի դէմ գործուած յարձակումէն պէտք է դասեր քաղել, որովհետեւ ապահովական կայունութիւնն ու Լիբանանի պահպանումը կարիքը ունին զոհողութեան եւ ոչ թէ այս կամ այն դէպքին շահագործումին:

