Պըրրի – Ժեմայէլ Հանդիպում
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլը, որուն հետ քննարկեց ընտրական օրինագիծերուն վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ Այն Թինէէն յայտնեց, որ Պըրրի ժողովրդավարական աշխատանքի պիտի ձեռնարկէ` վերսկսելով խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն աշխատանքը, ինչպէս նաեւ ընտրական օրինագիծը պիտի փոխանցէ խորհրդարանի լիագումար նիստին, որպէսզի ան իր կարգին վաւերացնէ զայն:
Ժեմայէլ հաստատեց, որ Պըրրի յանձնառու է ընտրական օրէնքի քննարկման խորհրդարանական ենթայանձնախումբին յանգած արդիւնքներուն` շեշտելով, որ իրենք պատրաստ են քննարկելու որեւէ օրինագիծ, որուն համաձայն կարելի կ՛ըլլայ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովել եւ որ հիմնուած կ՛ըլլայ ժողովրդավարական սկզբունքներու վրայ:
Ժեմայէլ ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է ամէնէն արագ միջոցին ընտրական օրինագիծ մը վաւերացնել` աւելցնելով, որ 1960-ի ընտրական օրէնքը արդէն իսկ թաղուած կը նկատուի:
«Մենք կ՛աշխատինք մշակելու ընտրական օրէնք մը, որ քաղաքական երկու խմբաւորումներուն համար ըլլայ միջին լուծում մը», ըսաւ Սամի Ժեմայէլ:
Նշենք, որ Պըրրիի այցելեց ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական կացութիւնը:
Միւս կողմէ, Մաարուֆ Սաատի նահատակութեան յիշատակին առիթով Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ անոր զաւկին` Նասըրական շարժումի նախագահ Ուսամա Սաատի հետ:


