Կուարտիոլա Սկսաւ Գերմաներէն Սորվիլ

Պունտըսլիկայի կազմերէն Պայէրն Միւնիխի տնօրէն Քարլ-Հայնց Ռումընիկէ յայտարարեց, որ ակումբի նոր մարզիչ` Եոսիփ Կուարտիոլա, որ իր պաշտօնը պիտի ստանձնէ յառաջիկայ յուլիսին, Նիւ Եորքի մէջ սկսած է գերմաներէնի դասընթացքներու հետեւիլ:

Մէջբերելով Ռումընիկէի խօսքերը` ArmFootball.com լրատուական կայքէջը կ՛աւելցնէ. «Կուարտիոլա մտադիր է հետեւիլ մեր աւանդութիւններուն: Գերմաներէն սորվիլը անոր նախաձեռնութիւնն էր»:

Այս նիւթին անդրադառնալով` գերմանական «Պիլտ» օրաթերթը կը գրէ. «Կուարտիոլա այժմ կ՛օգտագործէ գերմանական բառեր: Գերմաներէնով անոր առաջին նախադասութիւնը եղած է` ինչպէս ես Եուփ»:

 

Share this Article
CATEGORIES