Յամի Տեառն 2013-ին

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Լաւատեսութեամբ կ՛ուզեմ սկսիլ Նոր տարուան առաջին յօդուածս: Դժուար չէ հակառակը, եւ յոռի նախատեսութիւններով յագեցած գրութիւն մը ողջունողներու քանակը կրնայ փոքր չըլլալ` մանաւանդ մեր թշնամիներու շարքերուն մէջ: Այդ հաճոյքը չեմ ուզեր պարգեւել անոնց:

Ուստի, երբ կարճ դադարէ մը ետք գրիչը ձեռքս կ՛առնեմ վերստին, առաջին հերթին շեփորել կ՛ուզեմ այն միաբանութիւնը որ, նորամեայ այս արշալոյսին, կարմիր արեւի պէս կը ծագի ազգիս հորիզոնին վրայ ու շառագոյն լոյսով կը հրավառէ երկինքն հայոց: Վե՛րջ` անմիաբանութեան:

Վերջ անմիաբանութեան` մեր հայրենիքին վերաբերեալ, անոր ներկայ դժուարութիւնները հարթելու թէ ապագան նախագծելու տեսակէտէն` ընկերային արդար կարգերով, տնտեսական ամրապինդ խարիսխով, ռազմական անպարտելի հզօրութեամբ եւ կրթա-գիտա-մշակութային աննախընթաց զարգացման տեսլականով: Այդ նպատակներու իրագործման ի խնդիր` ազգը դարձած ջանադիր, համազգայի՛ն ուժերով: Ձեռք-ձեռքի: Ազգային բոլոր կուսակցութիններու, եկեղեցիներու եւ յարանուանութիւններու, այլեւ պէսպիսուն կազմակերպութիւններու համագործակցութեամբ: Սփիւռքի ու Հայաստան-Արցախ-Ջաւախքի ամբողջական ներուժի օգտագործմամբ: Աշխարհացրիւ թէ հայրենաբնակ մեր անհամար մեծատուններու անվերապահ, անսակարկ ներդրումով: Մէկդի դրած անձնական բոլոր շահերը, շահագրգռութիւնները, փառատենչութիւններն ու մասամբ նորին:

Նոյնը` սփիւռքացած հայութեան վերապրումն ու համախմբումը ապահովելու համար. հայրենի հողին շուրջ, բայց մանաւանդ` հայրենի հողին վրա՛յ:

Արդէն կը լսեմ ես շինարարական մեծ համանուագը` խոշոր պեղիչներու հռնդիւնով, հիմնասիւներ ամրացնող մեծ սարքերու մրճահարումներով, կրաշաղախ խառնող-թափող բեռնատարերու ճռնչիւնով ու բանուորներու բիւրաւոր մուրճերու տոկատտայով: Գործարաններ, գործատեղեր, մշակոյթի տուներ, աւաններ, քաղաքներ կը կառուցուին: Երկիր կը կերտուի:

Նոյնը` մեր անուրանալի իրաւունքներուն վերատիրանալու թափը բազմապատկելու, մեր պատմամշակութային կոթողները վերականգնելու, մեր կալուածներուն վերատիրանալու, մեր նախնեաց պղծուած գերեզմանները կրկին օրհնելու եւ Հայկական բարձրաւանդակին վրայ խաղաղ համակեցութիւն վերահաստատելու համար:

Եւ ահա, միաբանութեան լոյսով հրավառ երկնքին վրայ հայոց կ՛ուրուագծուի տիրութիւնն իմաստութեան: Մեր աչքին առջեւ իրականութիւն կը սկսի դառնալ այն, որուն կը սպասէինք դարերէ ի վեր:

Ամէնէն առաջ կրթութեան հարցը կը ստանայ անհրաժեշտ ուշադրութիւնը: Կը լուծուի ուղղագրութեան փշոտ խնդիրը, հայերէնը կը վերականգնի իր ամբողջ ճոխութեամբ, վեհութեամբ ու հարազատութեամբ: Սփիւռք թէ հայրենիք` կը զարգանայ դպրոցական ցանցը, կ՛ընդլայնի, կ՛ընդգրկէ աշխարհի բոլոր հայկական համայնքները, «ոչ մէկ հայորդի հայ վարժարանէ դուրս» սկզբունքով` ամէնուրեք կը կերտուին արդիական նոր վարժարաններ, կ՛օժտուին նոր դասագիրքերով ու հայերէնի երիտասարդ մանկավարժ ուսուցիչներու ամբողջ բանակով մը:

Ազգը տէր կը կանգնի իր տաղանդաւոր զաւակներուն, բարձրագոյն ու կատարելագոյն ուսումը կը ջամբէ անոնց, կը խրախուսէ անոնց գերազանցութեան ձգտումը, ի յայտ կը բերէ անոնց կարողութիւնները ու անոնցմով կը նուաճէ աշխարհը, անոնց ձիրքերով կը գերէ մարդկութիւնը` Պարոյր Սեւակի երազած ձեւով:

Ի սպառ կ՛անհետանան եղբայրասպան նախանձն ու սադայէլական դաւերը, հայ հանճարը իր մայր հողէն կ՛առնէ իր սնունդը, անկէ՛ կը բացուի աշխարհին:

Տգիտութիւնը գիտութեա՛ն կը զիջի իր տեղը, ատելութիւնը` սիրոյն: Ժողովուրդը կը վերագտնէ իր նկարագիրը վեհ:

Ա՛լ մեր ժամանակներուն խոտոր կը համեմատի Խորենացիի սա ողբալի ափսոսանքը, թէ «վերացան թագաւորդ ու քահանադ, խորհրդականդ եւ ուսուցանողդ, վրդովուեց խաղաղութիւնը, արմատացաւ անկարգութիւնը, խախտուեց ուղղափառութիւնը, հիմնաւորուեց տգիտութեամբ չարափառութիւնը»:

Մեր պատմահայրը կը նայի վերէն ու Ողբի փոխան ա՛լ Ովսաննանե՜ր կը ձօնէ իւր Ազգին…

 

 

Share this Article
CATEGORIES