Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք. Սթեֆընզ Յաղթեց Վիրաւոր Ուիլիըմզին
Մելպուռնի մէջ (Աւստրալիա) տեղի ունեցող տարուան առաջին թենիսի կրան շլեմին` Աւստրալիոյ բաց մրցաշարքին, աղջկանց քառորդ աւարտականի մրցումներուն մեծագոյն անակնկալը ստեղծեց ամերիկացի 19 տարեկան երիտասարդ մարզիկ Սլոան Սթեֆընզ (29-րդ), երբ 3-6, 7-5 եւ 6-4 արդիւնքով պարտութեան մատնեց մրցաշարքին նախօրեակին տիտղոսին գլխաւոր թեկնածու նկատուող ամերիկացի վիրաւոր մարզիկ Սերենա Ուիլիըմզը (31 տարեկան):
Կիսաւարտականի մրցումներուն, այժմ Սթեֆընզ իր դէմ պիտի ունենայ տիտղոսակիր Վիքթորիա Ազարենքան:
Կիսաւարտականի յաջորդաբար չորրորդ տարին ըլլալով իր տոմսը ապահովեց նաեւ անգլիացի Էնտի Միւրէյ (3-րդ), որ 6-4, 6-1 եւ 6-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց ֆրանսացի Ժերեմի Շարտին (36-րդ` աշխարհի դասաւորման մէջ):
Միւրէյ, որ իր կատարած չորս մրցումներուն ընթացքին մրցած էր շուրջ եօթը ժամ, իր այս յաղթանակը արձանագրեց 111 վայրկեանուան ընթացքին:

