Ծանրաբարձութիւն. Յառաջիկայ 14-18 Փետրուարին` Հայաստանի Ախոյեանութիւնը
PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ յառաջիկայ 14-18 փետրուարին տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի ծանրաբարձութեան ախոյեանութիւնը:
Հայաստանի տղոց հաւաքականը, որ ներկայիս Աբովեանի մէջ կը կատարէ այս տարուան իր ուսումնամարզական առաջին հաւաքը, կը պատրաստուի այս ախոյեանութեան:
Հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Պօղոս Պօղոսեան իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ. «Մենք հիմնականին մէջ կ՛աշխատինք մարզիկներու ֆիզիքականին վրայ: Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն երկրին ամէնէն զօրաւոր 16 ծանրաբարձները: Երբ աւարտի այս առաջին հաւաքը, երկրորդ մըն ալ պիտի կատարենք նոյն վայրին մէջ: Ապա տեղի պիտի ունենայ ախոյեանութիւնը, որուն ընթացքին ի յայտ պիտի գան ամէնէն զօրաւորները, որոնք բնականաբար պիտի հրաւիրուին հաւաքական»:
Հայաստանի ախոյեանութեան աւարտէն ետք հայրենի ծանրաբարձները պիտի սկսին պատրաստուիլ 8-14 ապրիլին Թիրանայի մէջ (Ալպանիա) տեղի ունենալիք Եւրոպայի ախոյեանութեան:

