Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթի շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ բախումներուն սկսելէն ի վեր Լիբանան որդեգրեց չէզոք կեցուածքը եւ սուրիական վարչակարգին կամ Սուրիոյ տագնապին մասնակից որեւէ կողմի զօրակցութիւն չյայտնեց:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ պապական նուիրակը հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ Վատիկանէն Լիբանան պիտի ժամանէ պապական պատուիրակ մը` ընտրական օրէնքի մը գծով միջամտութիւն կատարելու եւ համախոհութիւն գոյացնելու նպատակով:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահ Մահմուտ Քումաթի Հըզպալլայի պատուիրակութիւն մը գլխաւորելով այցելեց Սայտա, ուր հանդիպումներ ունեցաւ Նասըրական շարժումի ղեկավար Ուսամա Սաատի եւ Սայտայի նախկին քաղաքապետ Ապտել Ռահման Պըզրիի հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին Քումաթի հաստատեց Սաատի եւ Պըզրիի հետ Հըզպալլայի դաշինքին զօրութիւնը:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Սալահ Հընէյն յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը Լիբանանի դէմ վտանգ կը սպառնայ` աւելցնելով, որ անոր այլընտրանքը կրնայ ըլլալ անհատական ընտրաշրջանի դրութիւնը:
ՄՈՒՐԱՊԻԹՈՒՆ շարժումի ղեկավար խորհուրդի քարտուղար Մուսթաֆա Համտան կոչ ուղղեց կառավարութեան, որ լիբանանեան բանակին շնորհէ քաղաքական ամբողջական զօրակցութիւն` ապազինելու համար Լիբանանի զանազան շրջանները:
ՀԱՆԴԻՊԵԼԷ ետք Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ` Զահլէի երեսփոխանական պլոքին անունով երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ իրենք կը փափաքին ունենալ ընտրական այնպիսի օրինագիծ մը, որ հիմնուած է ազգային համերաշխութեան վրայ:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան փոխնախագահ Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ քաղաքացիական ամուսնութիւնը քաղաքացիական իրաւունք է` աւելցնելով, որ իրենք կը պահանջեն այդ իրաւունքը` կրօնը պետութենէն բաժնելու նպատակով:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի պատասխանատու, նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ պէտք է հեռու մնալ ընտրական այնպիսի օրինագիծերէ, որոնք դէպի համայնքային լարուածութիւն կ՛առաջնորդեն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի անդամ երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ իրենք յոգնած են այնպիսի սկզբունքներէ, որոնք նախապէս կը յայտարարուին, սակայն աւելի ուշ դուրս կու գան իբրեւ ցնորքներ:
ԲՐԻՏԱՆԱԿԱՆ «Թայմզ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի շիի համայնքին մօտ մտահոգութիւն մը ի յայտ եկած է` Սուրիոյ մէջ Քայիտայի զօրակից խմբաւորումներու բացայայտումին պատճառով:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի արտաքին հարցերու խորհրդական Մոհամետ Շաթահ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող ապահովական անկայունութեան հիմնական պատճառը Հըզպալլայի զէնքն է:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ պէտք է արտադրել ընտրական այնպիսի օրէնք մը, որ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ եւ երկրին ազգային միասնականութիւնը կ՛երաշխաւորէ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Ֆարես կոչ ուղղեց 2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու` Լիբանանը վերածելով մէկ ընտրաշրջանի:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ յայտնեց, որ ընտրական օրինագիծի մը շուրջ համախոհութիւն գոյացնելը այդքան ալ դիւրին պիտի չըլլայ:
ՌԻԱՏ ուղղուած լիբանանեան պատուիրակութեան մօտիկ աղբիւրներ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Սէուտական Արաբիա շահագրգռուած է Լիբանանի ապահովական կայունութեամբ:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած իրադարձութիւնները Թրիփոլիին յատուկ չեն, այլ` արտաքին միջամտութիւններու իբրեւ հետեւանք պարզուած իրավիճակի մը արտացոլումն են:
ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ֆայսալ Քարամէ կոչ ուղղեց կառավարութեան` երկրին ապահովութիւնը իսկապէս պահպանելու եւ բոլոր զինեալները ապազինելու:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա կոչ պիտի ուղղէ երկրին մէջ համայնքային լարուածութիւն հրահրող բառամթերքը հակակշիռի տակ առնելու: Սէյիտ Նասրալլա վաղը` ուրբաթ, 25 յունուարին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին պիտի արտասանէ պատկերասփռուած ճառ մը:
ՉՈՐՍ զինեալներ Արամունի «Իման» դպրոցէն երէկ առեւանգեցին երկու աշակերտներ` սպառնալով տարեց մարդու եւ կնոջ մը: Աւելի ուշ յստակացաւ, որ այդ աշակերտները առեւանգող զինեալները անոնց մօր կողմէ ուղարկուած էին` անոր վերադարձնելու համար իր զաւակները:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի ղեկավար Շատի Սաատ յայտնեց, որ կարելի չէ արտօնել, որ քաղաքական պոռնկութիւնը շարունակուի: Ան աւելցուց, որ պարտութեան եւ այս կամ այն կողմին ենթակայ ըլլալու հանգրուանը անդարձ վերջ գտած է:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյց մը, որուն համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը արձանագրեց 300 լ. ոսկիի յաւելում, 98 օքթան պենզինի թիթեղինը` 200 լ. ոսկիի յաւելում, մազութինը` 200 լ. ոսկիի յաւելում եւ պիւթակազի շիշը` 300 լ. ոսկիի յաւելում:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հրամանատարութիւնը լիբանանեան պատասխանատու կողմերէն պահանջած է Ռայեաքի զինուորական օդակայանը օգտագործել` Սուրիոյ մէջ որոշ աշխատանքներ կատարելու նպատակով: Նոյն օրաթերթին համաձայն, Լիբանան համաձայն գտնուած է այդ պահանջին:

