Թուրքիոյ Մէջ Այրած Է Հայ Ճարտարապետի Կառուցած 142-ամեայ Շինութիւնը

Սարգիս Պալեանի կառուցած պատմական շէնքը` հրդեհներու մէջ

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ մէջ 1871-ին հայ ճարտարապետ Սարգիս Պալեանի կողմէ կառուցուած Կալաթասարայ համալսարանի պատմական շէնքը հրդեհի պատճառով էական վնաս կրած է:

Երեքշաբթի երեկոյեան շուրջ ժամը 7:00-ին բռնկած հրդեհը կարելի եղած է վերահսկողութեան տակ առնել ուշ գիշերին, սակայն շէնքը արդէն էապէս վնասուած է:

Նախնական վարկածի մը համաձայն, պատմական շէնքին երրորդ յարկին մէջ բռնկած հրդեհին պատճառը ելեկտրական թելերու առնչուած խնդիր եղած է: Հրդեհին պատճառով մասամբ փլուզուած է շէնքին տանիքը:

1871-ին հայ ճարտարապետին նախագիծով կառուցուած շինութիւնը նախագծուած եղած է իբրեւ պալատ, իսկ Կալաթասարայ համալսարանին փոխանցուած է 1992-ին:

 

Share this Article
CATEGORIES