ԱԹԼԵԹԻԶՄ. ԺԱՄԱՑՈՅՑԻ ԴԷՄ ՄՐՑՈՒՄԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՆՈՐ ՄՐՑԱՆԻՇ ՄԸ ՀԱՍՏԱՏՈՒԵՑԱՒ
Կազմակերպութեամբ Լիբանանեան բանակի խումբին եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Պէյրութի Քաղաքապետարանի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ժամացոյցի դէմ մրցումը:
Լիբանանեան բանակին մաս կազմող Հիւսէյն Աուատա լիբանանեան նոր մրցանիշ մը հաստատեց, երբ արձանագրեց 18548,75 մեթր արդիւնք մը: Նախկին մրցանիշը, որ հաստատուած էր 2001-ին, կը պատկանէր Ալի Աուատայի (Լիբանանեան բանակ, 18,048 մեթր):
Հիւսէյնի ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց Ահմետ Տարքուշի (Լիբանանեան բանակ, 18399,5 մեթր):
CATEGORIES Մարզական
TAGS աթլեթիզմի ֆետերասիոն