Աւետելով Գարեգին Բ. Վեհափառին Փափաքով «Խրիմեան Հայրիկ.» Թանգարանի Հիմնումը՝ Շեշտելով Արեւմտահայերէնի Պահպանման Անհրաժեշտութիւնը «Հիմա Միայն Պէյրութն Է Մնացել», «Ազդակ»-ին Յայտնեց Արուեստաբան Շահէն Խաչատրեան`
Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ
Հ
այրենի արուեստաբան Շահէն Խաչատրեան կը նկատուի ժամանակակից հմուտ ու նուիրեալ հազուագիւտ արուեստաբաններէն մէկը, որ իր համակ կեանքը նուիրած է հայ արուեստի գործերու հաւաքման, պահպանման ու ծանօթացման:
Փակագիծ մը բանալով` նշենք, որ արհեստագիտութեան սրընթաց զարգացման զուգահեռ, հարցադրումներ կը կատարուին համակարգիչի օգտագործման հեռանկարներուն ու անոր հետեւանքներուն մասին, թէ արդեօ՞ք պիտի գայ օր մը` երբ համակարգչային ծառայութիւնները պիտի փոխարինեն մարդկայինը: Այս իմաստով, ամերիկեան Միշիկըն համալսարանին մէջ վերջերս կայացած է գիտափորձ մը, ստուգելու համար, թէ համակարգիչը որքանո՞վ կրնայ ըմբռնել ու արժեւորել արուեստի գործ մը, այլ խօսքով` անիկա կրնա՞յ փոխարինել արուեստաբանին դերը: Ի զարմանք գիտնականներուն, համակարգչային գիտափորձին արդիւնքներուն համաձայն, փորձարկումի ենթարկուած 34 հանրածանօթ արուեստագէտներու գլուխ գործոցներու հազար օրինակները դասաւորուած են խումբերու եւ ենթաբաժանումներու միջեւ` առաւելագոյնս համընկնելով արուեստաբաններու գնահատման ոճին: Հաւանաբար փորձագէտներ, ուշ կամ կանուխ, յաջողին համակարգչային ծառայութիւններով փոխարինել մարդկայինը: Սակայն կայ նրբութիւն մը, որ միշտ պիտի մնայ անխոցելի ու անժամանցելի: Արուեստի պատմական, մշակութային ու ստեղծագործական աւանդը փոխանցող ոգին է այն, առանց որուն` արուեստը կը նմանի անտէր ու ցրուած, առանց հովիւի հօտի, իսկ առանց նորարար ստեղծագործութեան` արուեստը կը մնայ անկենդան ու մեռեալ, ինչպէս հաստատած է Ուինսթըն Չըրչիլ: Սակայն մինչ այդ, մինչեւ համակարգչային արհեստագիտութիւնը կարենայ թափանցել կամ գերազանցել (եթէ կարենայ…) նշեալ ոգիի նրբութիւնը, արուեստաբանը շատ բան ունի կատարելիք տակաւին: Արուեստի գլուխ գործոցներու արժեւորումէն, վերլուծումէն ու ցուցահանդէսներու կազմակերպումէն անդին` անոր հիմնական առաքելութիւնն է «կեանք ու աւիշ» ներարկել արուեստի, հա՛յ արուեստի գործերուն` զանոնք պահելով ու պաշտպանելով, կորուստի, փտութեան ու գողութեան դէմ: Այս իմաստով, ուշագրաւ է արուեստաբան Շահէն Խաչատրեանի իւրայատուկ ու եզակի դերը: Արդարեւ, ան զինուած արուեստաբանական երկարամեայ իր հմտութեամբ, կարծէք ըլլար պահապան հրեշտակ մը, որ հեռադիտակի աչքերով աշխարհով մէկ կը փնտռէ հայ արուեստի կորուսեալ, անհետացած կամ վնասուած արուեստի գործերը` փութալով փրկել զանոնք, ի գին ամէն զոհողութեան:
Այդպէս էր, որ ան յաջողեցաւ փրկել հայազգի աշխարհահռչակ արուեստագէտ, ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկիի «Փոթորիկ ժայռոտ ափերին» խորագրեալ գողցուած գլուխ գործոցը: Փաստօրէն, Այվազովսկիին առնչուող իր մէկ աշխատասիրութեան մէջ ան թուած է նաեւ նշեալ գործը փակագիծի մէջ աւելցելով, որ անիկա անյայտացած է 1990-էն ի վեր: Գրաւոր վկայութիւն մը, որ համազօր էր նշեալ նկարի անյայտացման պաշտօնական յայտարարութեան, այլ խօսքով` «գրանցման», առանց որուն` կարելի չէր վերստացման պահանջ ներկայացնել պաշտօնական պատկան մարմիններուն մօտ: Քայլ մը, որուն միջոցով կարելի եղաւ հետագային աճուրդի դրուած նշեալ արուեստի գործի «տունդարձ»-ի յաջողութիւնը: Ասիկա մէկն է Խաչատրեանի նախաձեռնած նմանօրինակ բազմաթիւ քայլերէն, որոնք կը միտին «Արի տուն» կարգախօսով հայրենիք վերադարձնել ու մէկտեղել հայ արուեստի կորուսեալ թէ անյայտացած գլուխ գործոցները: Այս ծիրին մէջ հարկ է երախտագիտական խոր ակնածանքով ողջունել հայրենի թէ սփիւռքի վանքերը, ուր յարակից թանգարաններով, որպէս լուսաւորութեան կեդրոններ, սքանչելի աշխատանք կը տանին անոնք հայ արուեստի ու մշակոյթի պահպանման գործին մէջ, ինչպէս` Էջմիածնի, Անթիլիասի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Զմմառու եւ Վենետիկի վանքերը, ինչպէս կը հաստատէ արուեստաբան Խաչատրեան:
Ծնունդով հալէպահայ, հայրենադարձ արուեստաբան Շահէն Գէորգի Խաչատրեան 1965-ին աւարտած է Ս. Փեթերսպուրկի Ռեպինի անուան գեղարուեստի հիմնարկը: 1959-ին սկսած է պաշտօնավարել Հայաստանի ազգային պատկերասրահէն ներս ու 1990-ին դարձած անոր տնօրէնը մինչեւ 2003: 1967- 2004 վարած է «Մարտիրոս Սարեան» տուն-թանգարանի տնօրէնի պաշտօնը: Միաժամանակ ան վարած է աւելի քան տասնեակ մը թանգարաններու եւ պատկերասրահներու տնօրէնի պաշտօնը: Ներկայիս ան Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի մշակութային խորհրդատուն է ու լծուած է, նոյնինքն Գարեգին Բ. վեհափառին փափաքով, Խրիմեան Հայրիկի անուան թանգարանի հիմնադրութեան, Էջմիածնի վեհարանին կից, «Արշիլ Կորքի» թանգարանի յաջող փորձառութենէն ետք: Արուեստաբան Խաչատրեան շրջած է աշխարասփիւռ բազմաթիւ հայ գաղթօճախներ: Տասնամեակներու իր փորձառութեամբ ան ընդելուզուած է արուեստի գործերու քննութեան, վերլուծման ու արժեւորման հմտութեամբ: Շրջանցելով աշխարհագրական սահմանագիծերն ու քաղաքական թէ դաւանական արգելքները` արուեստաբան Խաչատրեան աշխարհասփիւռ հայ գաղթօճախներու մէջ կազմակերպած իր ցուցահանդէսներով յաջողած է (ու կը շարունակէ) «Միութիւն` արուեստի ճամբով» նշանախօսքով ի մի համախմբել աշխարհասփիւռ հայ արուեստասէրներ, անկախ անոնց գաղափարական թէ դաւանական պատկանելիութենէն: Նմանապէս` հայ արուեստի մասին ան տուած է շահեկան դասախօսութիւններ, որոնք կրնան իբրեւ աղբիւրագիտական կարեւոր հիմք ծառայել հայ արուեստի պատմագրութեան համար: Հրատարակած է հայ արուեստի ու արուեստագէտներու մասին բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ` հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն թէ իտալերէն լեզուներով, ինչպէս «Հայ վրձինի վարպետներ» խորագրեալ վեց հատորներու հաւաքածոն` նուիրուած հանրայայտ հայ արուեստագէտներու: Իսկ աշխարհահռչակ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկիի մասին իր աշխատասիրութիւնը Մոսկուայի մէջ արժանացած է առաջին կարգի շքանշանի: Նմանապէս` ան արժանացած է «Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ» կոչումին եւ «Մովսէս Խորենացի» շքանշանին:
Արուեստաբան Շահէն Խաչատրեան վերջերս կարճատեւ այցելութեամբ կը գտնուէր Պէյրութ: Առիթէն օգտուելով` «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ անոր հետ:
«Ապրել, ինձ համար նշանակում է աշխատել»
Յովհաննէս Այվազովսկի
***
«ԱԶԴԱԿ».- Ի՞նչ առիթով Լիբանան կը գտնուիք
ՇԱՀԷՆ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ.- Եռօրեայ կարճատեւ այցելութեամբ կ՛ուզէի Հալէպ մեկնիլ` մօտէն ծանօթանալու համար Յովհաննէս Այվազովսկիի մասին իմ աշխատութեանս արաբերէն թարգմանութեան հատորի հրատարակման մանրամասնութիւններուն: Սակայն Հալէպի ծանօթ ցաւալի կացութեան բերումով մտածեցի զայն հրատարակել Պէյրութի մէջ:
«Ա.».- Ինչո՞ւ արաբերէնի թարգմանուած է ձեր այդ գիրքը:
Շ. Խ.- Աշխարհահռչակ հայազգի ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկի 1868-ին այցելած է Եգիպտոս, ուր իր վրձինով նկարած է կարգ մը տեսարաններ: Գիրքը կ՛անդրադառնայ արուեստագէտի կեանքի այդ շրջանին` ներառելով նշեալ նկարները: Գիրքը բծախնդրօրէն թարգմանուած է արաբերէնի, հանրածանօթ թարգմանիչի մը կողմէ:
«Ա.»- Դուք 1946-ին Հալէպէն ներգաղթած էք հայրենիք, սակայն բնիկ որ տեղացի՞ էք ու ի՞նչ կը զգաք, երբ կը վերադառնաք ձեր ծննդավայրը, հոգ չէ` թէ կարճատեւ այցելութեամբ:
Շ. Խ.- Հալէպ ծնած եմ, Նոր Գիւղ թաղամասը: 1946-ին ընտանեօք ներգաղթած ենք ու վեց հոգիով բնակած ենք մէկ սենեակի մէջ, մինչեւ նոր տուն կառուցենք: Հայրս` Գէորգը, արհեստով եղած է շինարար ու ինք շինած է Հալէպի մայրանոցը: Սակայն բնիկ Էրզրումցի եմ: Ներքին ցանկութիւն կ՛ունենամ` երբեմն այցելելու սփիւռքահայ գաղութներ, հանդիպելու մտաւորականներու հետ եւ զրուցելու մշակոյթի հարցերու շուրջ: Ցանկութիւն` նաեւ ճամբորդելու դէպի Արեւմտեան Հայաստան, տեսնելու Էրզրումը, Վանը, Տիգրանակերտի եկեղեցիին բացումը, ինչպէս նաեւ` այցելել Մուսա Լեռ` յարգելու անոր նահատակներն ու յիշատակները:
«Ա.». -Վերադառնալով Հայաստանի մէջ ձեր գործունէութեան` ներկայիս ուրիշ ի՞նչ աշխատանքի լծուած էք:
Շ. Խ.- Ներկայիս կ՛աշխատիմ Էջմիածնի մայր տաճարին մէջ` որպէս խորհրդական ու ընդառաջելով Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. վեհափառի փափաքին` կը պատրաստեմ «Խրիմեան Հայրիկ» թանգարանը, ուր պիտի ցուցադրուին նաեւ Արշիլ Կորքիի գործերը` ղրկուած բացառիկ մեզ համար, քրոջը` Շուշանիկին կողմէ: Նաեւ Ռուբէն Սեւակի եղբօր տղան` Յակոբ Չիլինկարեան, արդէն նուէր ղրկած է Այվազովսկիի, Շարլ Ադամեանի ու շատերու նկարները, որոնց համար կը պատրաստուի Ռուբէն Սեւակի անուան յատուկ թանգարան, Էջմիածնի մայր տաճարին կից: Ուրախութեամբ աւելցնեմ նաեւ, որ նոր մատենադարան հիմնուեցաւ` մեկենասութեամբ Լոնտոնէն ազգային բարերար Րաֆֆի Մանուկեանի: Միաժամանակ, որպէս արուեստաբան, ներկայիս լծուած եմ նոր սերունդին համար ընթեռնելի, համառօտ ու յատուկ մեկնաբանութեամբ ներկայացնել մեր մեծագոյն նկարիչները, որպէսզի աւելի մօտիկ զգան անոնց: Այս գծով արդէն իսկ լոյս տեսած են վեց հատորներ` հայերէն ու օտար լեզուներով: Չմոռնանք նաեւ, որ այս տարի կը զուգադիպի Յովհաննէս Այվազովսկիի աւագ եղբօր` Գաբրիէլ արք. Այվազեանի ծննդեան 200-ամեակին ու կարեւոր հարց է` բացայայտել երկու եղբայրներուն հոգեկան կապերը: Անդրադառնալով այս հարցին` պատրաստած եմ երկար ժամանակ լոյս չտեսած Գաբրիէլ արք. Այվազեանի գրական գործերու վաստակէն մօտ 500 էջերով հատընտիր մը, որ շուտով լոյս կը տեսնէ Էջմիածնի հրատարակչատունէն:
«Ա.».- Կրօնական կեդրոնները, իբրեւ հոգեւոր խորհրդածութեան լուռ ու մենակեաց սրբավայրեր, իսկ արուեստը երբեմն իր ծայրայեղ սլացքով, կարելի՞ է համակեցութիւն գոյացնել անոնց միջեւ:Այլ խօսքով, կրօնն ու արուեստը միատեղ` զիրար չե՞ն հակասեր:
Շ. Խ.- Ո՛չ, որովհետեւ շատ հայրենասէր մարդիկ իրենց մօտ գտնուող արուեստի գործերը սիրայօժար նուիրած են Էջմիածինին: Այդ գործերուն մեծ մասը ցուցադրուած է վեհարանին մէջ: Ահա, ուրեմն, վեհարանին «կ՛ընկերակցի» ուրիշ թանգարան մը, ինչպէս, օրինակ, Կիլիկիոյ թանգարանն ու Ս. Ղազարի եւ այլ վանքերու թանգարանները:
«Ա.».- Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով որեւէ աշխատասիրութեան ձեռնարկա՞ծ էք, արուեստի ու մշակոյթի դիտանկիւնէն:
Շ. Խ.- Այո՛, բայց նախ յիշեցնեմ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 95-ամեակին առիթով ու ընդառաջելով Գարեգին Բ. կաթողիկոսի առաջարկին` լոյս տեսաւ «Ցաւի գոյնը» խորագրեալ իմ առաջին գիրքս ու այս գծով «Եղեռնի անդրադարձը հայ նկարչութեան մէջ» խորագրով դասախօսութիւն տուի: Իմ այս աշխատանքս կրնայ հիմք դառնալ
100-ամեակի առիթով շատ տպաւորիչ, շատ ներգործող աշխատանքի` նոր սերունդներուն համար: Օրինակ, Յովհաննէս Այվազովսկի գործերուն մէջ կայ նկար մը` 1895-ին սուլթան Համիտի կազմակերպած ջարդերուն մասին:
«Ա.».- Այս առիթով ի՞նչ խօսք ունիք ըսելիք սփիւռքահայութեան ու յատկապէս` լիբանանահայութեան ու սուրիահայութեան:
Շ. Խ.- Խորապէս կը ցաւիմ սուրիահայութեան ու յատկապէս Հալէպի ներկայ կացութեան համար: Իսկ լիբանանահայութեան շատ բան կ՛ուզեմ ըսել, բայց շեշտեմ մէկ հարց, որ պէյրութահայութիւնը տէր կանգնի արեւմտահայ լեզուի պահպանման ու տարարածումին: Կը մաղթեմ, որ անոնք անկեղծօրէն ծառայեն արեւմտահայերէնին եւ հիմք դառնան այդ լեզուի համար: Այս իմաստով, նախապէս ուրիշ կեդրոններ կային, ինչպէս` Թիֆլիսը, Պոլիսը… հիմա միայն Պէյրութը մնացած է…




