Նշմար. Պոլսահայութեան Դէմ Յաւելեալ Յարձակումներու Ազդանշանը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` իր գլխաւորած կառավարութեան մէջ փոփոխութիւններ կատարելով, «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան հետ առնչութիւն ունեցող անձ մը` Պոլսոյ նախկին նահանգապետ Մուամմեր Կիւլերը նշանակեց ներքին գործոց նախարար:

Ասիկա առաջին դէպքը չէ, որ Տինքի թղթածրարին առնչուած անձ մը պաշտօնի բարձրացում կը ստանայ, սակայն ամրագրելու համար այն պատգամը, թէ հայերու դէմ յարձակում կատարողները կը վարձատրուին, անոնք պաշտօնի բարձրացում կը ստանան եւ մինչեւ իսկ Օկիւն Սամասթի նման կը հերոսացուին:

Կիւլերի նախարարական` այդ ալ քաղաքացիներու անվտանգութեան ապահովման եւ երկրին մէջ կարգ ու կանոնի պահպանման հարցերով զբաղող նախարարի աթոռով վարձատրումը, կու գայ թրքական մամուլին մէջ հայութեան դէմ ատելութեան սերմանման, ինչպէս նաեւ այդ սերմանման անմիջական «պտուղը» եղող վերջերս կատարուած իրերայաջորդ յարձակումներու ստեղծած վախի մթնոլորտին մէջ ապրող պոլսահայութեան արդարացի մտահոգութիւնը ամրապնդելու: Պոլսահայութիւնը կրնայ իրաւամբ հարց տալ, թէ եթէ հակահայ պաստառի մը առջեւ կանգնելով խօսք արտասանած Իտրիս Նայիմ Շահինի օրով այսքան յարձակումներ գործուեցան, որքա՞ն աւելի եւ ինչպիսի՞ յարձակումներ պիտի գործուին Տինքի սպանութեան առնչուած Կիւլերի օրով:

Կիւլերի նման անձնաւորութեան մը ներքին գործոց նախարար նշանակումը հեգնական է: Էրտողանի քայլը այդ ցեղապաշտական յարձակումներու շարքին աւարտին աւետիսը չէ, այլ` յաւելեալ յարձակումներու ազդանշանը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )