«Սահմանային Միջադէպերու Պատասխանատուն Ազրպէյճանն Է» Կ՛ըսէ Էդուարդ Նալբանդեան
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նախանցեալ օր տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին նշեց, որ մերժելով շփման գիծին վրայ միջադէպերու հետաքննութեան մեքանիզմներու ստեղծման նախաձեռնութիւնը` Ազրպէյճան կը ստանձնէ անոնց պատասխանատուութիւնը:
Ըստ անոր, բանակցային հոլովոյթին մէջ յառաջընթացի բացակայութեան պատճառը Ազրպէյճանի այդ ապակառուցողական մօտեցումն է, սակայն նախարարը ընդգծած է, որ խաղաղ բանակցութիւնները այլընտրանք չունին:
Անդրադառնալով այն դիտարկման, թէ Պաքուի մէջ կը պնդեն, որ իրենց դիրքորոշման կ՛աջակցի միջազգային հանրութիւնը, Նալբանդեան պատասխանեց, որ այնքան երկար կը փորձեն խաբել սեփական ժողովուրդը, որ արդէն իրենք ալ կը սկսին հաւատալ իրենց ըսածին:
Ան յիշեց Իսլամական համագումարի կազմակերպութեան եւ Ոչ յանձնառու երկիրներու շարժման յայտարարութիւնները, որոնց վրայ կը հիմնուի Ազրպէյճան: «Կը ցանկամ յիշեցնել, որ ո՛չ առաջինը, ո՛չ ալ երկրորդը ղարաբաղեան լուծումով չեն զբաղիր: Լուծման հոլովոյթը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափով կ՛ընթանայ, որուն ծիրին մէջ ընդունուած յայտարարութիւնները համահունչ են Հայաստանի դիրքորոշումին»:

