ՀՅԴ Երուսաղէմի Հայ Դատի Յանձնախումբը Նորընտիր Քնեսեթին Հետ Ցեղասպանութեան Ճանաչման Լուրջ Յոյսեր Կը Կապէ

ՀՅԴ Երուսաղէմի Հայ դատի յանձնախումբը Իսրայէլի նորընտիր խորհրդարանէն դրական ակնկալիքներ ունի: «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցին ընթացքին յանձնախումբի պատասխանատու Յակոբ Սեւան նշեց, որ թէեւ տակաւին կանուխ է որոշակի ակնկալիքներու մասին խօսիլ, սակայն կարեւոր եւ դրական քայլ էր, որ Մերեց կուսակցութիւնը` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը ներկայացնողը, կրկնապատկեց իր ուժը Քնեսեթի մէջ: Ըստ Սեւանի, միւս կուսակցութիւններուն պարագային ալ կարեւոր է, որ շարք մը անձեր եւս, որոնց հետ իրենք անցեալին համագործակցած են, անցան Քնեսեթ ու բաւական լաւ դիրքեր գրաւեցին:

«Գրեթէ յիսուն նոր անձեր յայտնուեցան Քնեսեթի մէջ, որոնց մէջ հայամէտ շատ դէմքեր կան. անոնց մուտքը Քնեսեթ դրական կը գնահատենք, եկող ամիսներուն ալ պէտք է աշխատանքներ տանինք խորհրդարանի նոր անդամներուն հետ: Պէտք է նկատի ունենանք, որ այս ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք, բաւական փոխուեցաւ իսրայէլեան քաղաքական քարտէսը», ըսաւ ան` նկատելով, որ խորհրդարանին մէջ ներկայացուածութեան մակարդակով երկրորդ տեղը գրաւող կուսակցութիւնը նոր հիմնուած է: Երուսաղէմի Հայ դատի յանձնախումբը կը պատրաստուի անոնց հետ եւս աշխատանքներ տանիլ: «Յառաջիկայ ամիսներուն կրնանք ըսել, թէ հիմնուելով մեր տարած աշխատանքին հիման վրայ, Քնեսեթի նոր ուժերը որքանով կրնան աջակցիլ մեզի: Ամէն պարագայի նորընտիր խորհրդարանէն դրական ակնկալիքներ ունինք», ըսաւ ան:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )