Ճատրակ. Վիյք Աան Զիի Մրցաշարք. Լեւոն Արոնեան` Երկրորդ Դիրքին Վրայ
Հոլանտայի մէջ տեղի ունեցող ճատրակի Վիյք Աան Զիի միջազգային մրցաշարքի 11-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երէկ հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ սեւ քարերով 48-րդ շարժումին յաղթեց ամերիկացի Հիքարու Նաքամուրայի: Այժմ Արոնեան 7,5 կէտով կը գրաւէ 2-րդ դիրքը` կէտով մը ետ մնալով առաջին դիրքին վրայ գտնուող Մակնիւս Քարլսընէն (Նորվեկիա), որ երէկ հաւասարութիւն մը արձանագրեց Հաօ Ուանկի հետ (Չինաստան): Երրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի հնդիկ Վիշվանաթան Անանտ (7 կէտ):
Նշենք, որ մրցաշարքին աւարտին մնացած է երկու հանգրուան միայն (այսօր եւ վաղը):
CATEGORIES Մարզական