Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Շեպիպեթ Մազրաա
Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 2012-2013 տարեշրջանը այսօր` շաբաթ, 26 յունուարին կ՛աւարտի ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբին համար, երբ անիկա կատարէ իր վերջին մրցումը` Շեպիպեթ Մազրաայի դէմ:
11-րդ եւ վերջին հանգրուանի այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Անսարի դաշտին վրայ, պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին:
Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ այս մրցումին հսկող նշանակուած է Հուսամ Ղոշ:
Այս մրցումով տարեշրջանը կ՛աւարտի այն իմաստով, որ ՀՄԸՄ ո՛չ Բ. դասակարգ բարձրանալու յոյս ունի եւ ո՛չ ալ Դ. դասակարգ փոխադրուելու անբախտութիւն:
Ուրեմն, յառաջիկայ տարեշրջանին եւս ՀՄԸՄ պիտի մասնակցի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան:
CATEGORIES Մարզական

