50 Տարի Առաջ (28 Յունուար 1963)
Ձմրան Աւերը Լիբանանի Մէջ
Հինգ Հոգի Խեղդամահ Եղած Են Գետի Մը
Յորձանքներուն Մէջ
Սայտա Եւ Սուր` Զուրկ Ելեկտրականութենէ
Շաբաթ օրուան հեղեղային անձրեւէն ու փոթորիկէն ետք օդը քիչ մը մեղմացաւ երէկ` կիրակի ցերեկին, ամբողջ գիշերը անձրեւելէ ետք: Բայց կը թուի, թէ այս մեղմացումը վաղանցուկ պիտի ըլլայ, որովհետեւ, ըստ օդերեւութաբանական սպասարկութեան, յառաջիկայ 24 ժամերու ընթացքը, ջերմութեան աստիճանը, որ շաբաթ օր 8 ցոյց կու տար Պէյրութի մէջ, պիտի իջնէ 5-3: Ծովեզերեայ շրջաններու մէջ առատօրէն պիտի անձրեւէ, իսկ 700 մեթրէն սկսեալ, պիտի ձիւնէ: Իսկ երկու օր ետք Թուրքիայէն եկող ցուրտի ալիք մը` ջերմութեան աստիճանը աւելի եւս պիտի իջեցնէ` Պէյրութի մէջ հասցնելով մինչեւ 0 աստիճանի, սառեցնելով ջուրերը: Այս հաշուով, շաբաթ գիշեր Պէյրութի մէջ տեղացած կարկուտը, որ ձիւնի պէս ծածկեց փողոցները, քանի մը օրէն հաւանաբար տեղ տայ իսկական ձիւնի:
Հինգ Հոգի Խեղդամահ
Վերջերս երեք օրերու ընթացքին տեղացած հեղեղային անձրեւին պատճառով կարգ մը գետեր յորդեցան եւ ողողումներ տեղի ունեցան: Այս ողողումներուն պատճառով հինգ հոգի խեղդամահ եղաւ: Անոնցմէ չորսը սուրիացիներ են, որոնք երբ կը փորձէին գաղտնաբար Լիբանան մտնել, Ապպուտիէի շրջանին մէջ Նահր Քեպիրի ջուրերուն մէջ խեղդուեցան: Հինգերորդ զոհը 12-ամեայ երեխայ մըն է, որ իր շապիկը կը լուար Թրիփոլիի Նահր Ապու Ալի գետին մէջ, եւ որ հոսանքէն տարուեցաւ:
Ձիւն Եւ Անձրեւ
Ուրբաթ օր 9 աստիճան իջնելէ ետք, ջերմութիւնը շաբաթ օր նոր անկում մը կրեց: Պէյրութի մէջ ջերմաչափը իջաւ 8 աստիճանի, մինչ անձրեւը կը շարունակուէր ամբողջ ծովեզրին վրայ: Լեռներու վրայ առատօրէն ձիւնեց 900 մեթր բարձրութենէն սկսեալ: 30 սանթիմեթր թանձրութեամբ ձիւնի խաւ մը կազմուեցաւ Սոֆարի մէջ: 900 մեթր եւ աւելի բարձրութեան վրայ գտնուող բոլոր ճամբաներուն վրայ, եւ յատկապէս` Դամասկոսի ճամբուն, ինքնաշարժի երթեւեկը կանգ առաւ: Պհամտունի մէջ ձիւնի խաւին թանձրութիւնը 10 սանթիմեթր էր:
Պէյրութի մէջ, ուր 63,45 միլլիմեթր անձրեւ տեղաց ուրբաթ առտու ժամը 8:30-էն շաբաթ առտու նոյն ժամը, նոր ողողումներ պատահեցան կարգ մը թաղերու տուներուն եւ խանութներուն մէջ: Մայրաքաղաքի կարգ մը թաղերուն մէջ փողոցները իսկական վտակներու վերածուեցան:
Հեռաձայնային գիծերը կտրուած են Պէյրութի եւ Լաթաքիոյ, Թարթուսի, Պէյթ էտտինի, Պինթ Ժիպէյլի, Քարթապայի, Տհուր Շուէրի, Պուա տը Պուլոնէի, Պիսքենթէի, Պրումմանայի, Պաապտաթի, Պիքֆայայի, Այն Աարի, Տահր Պայտարի ու Շթորայի միջեւ:
Սայտա Եւ Սուր` Ելեկտրականութենէ Զուրկ
Շրջաններու մէջ եւս անձրեւը ողողումներու եւ վնասներու պատճառ դարձաւ: Հիւսիսային Լիբանանի մէջ Ապու Ալիի ջուրերը մերձակայ դաշտերու վրայ յորդեցան:
Սայտայի մէջ զօրաւոր անձրեւը խանգարեց ելեկտրականութեան գիծերը եւ հոսանքը կտրուեցաւ:
Սուր եւս նոյն վիճակին մատնուեցաւ:
Օգնութեան Խումբեր` Փրկութեան Գործին Համար
Գէշ օդին պատճառով հանրօգուտ շինութեանց նախարար Փիեռ Ժեմայէլ շաբաթ օր իր գրասենեակը կանչեց իր նախարարութեան ճարտարագէտներն ու բարձրաստիճան պաշտօնատարները: Այս կարեւոր ժողովի ընթացքին տրուեցան հետեւեալ որոշումները:
– Հանրօգուտ շինութեանց Պէյրութի կեդրոնին եւ շրջանային վարչութիւններու մէջ մնայուն մարմին մը շփման մէջ պէտք է ըլլայ բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն հետ:
– Կազմուեցան օգնութեան խումբեր, որոնք անհրաժեշտ պարագային օգնութեան պիտի հասնին չորս նահանգներու աղէտեալներուն:
Այսօր` երկուշաբթի առաւօտ օդը պայծառ է թէեւ, եւ երկինքին վրայ ոչ մէկ ամպ կ՛երեւի, բայց օդերեւութաբանական սպասարկութեանց նախատեսութիւնները կը մնան նախատեսութիւն:
Հայկական Կեանք
Ընկերներ Ա. Սահակեանի Եւ Գ. Մխիթարեանի
Յիշատակին Նուիրուած Հանդէսներ
Գահիրէի մեր պաշտօնակից «Յուսաբեր»-ի մէջ կը կարդանք.-
Ողբացեալ վարիչ ընկերներ Գուրգէն Մխիթարեանի եւ Ա. Սահակեանի մահուան քառասունքներուն առթիւ յիշատակի հանդէս մը տեղի ունեցաւ երէկ, 20 յունուար, «Յուսաբեր»-ի Հելիոպոլսոյ ակումբի «Լ. Ս. Գարագաշեան» սրահին մէջ:
Հանգուցեալ ընկերներուն յիշատակը յարգող ընկերներու եւ բարեկամներու յոգնախառն բազմութիւն մը լեցուցած էր ընդարձակ սրահը:
Յիշատակի հանդէսին կը նախագահէր Լեւոն Յովհաննէսեան, որ իր բացման խօսքին մէջ ներկաներէն խնդրեց մէկ վայրկեան յոտընկայս լռութեամբ յարգել յիշատակը հանգուցեալ ընկերներուն, որոնց ամբողջ կեանքը համակ նուիրում մը եղած էր մեր ժողովուրդին եւ մեր կազմակերպութեան:
Յարգանքի արտայայտութենէն ետք նախագահը ամփոփ կերպով խօսեցաւ նորոգ հանգուցեալ ընկերներուն կեանքին եւ գործունէութեան մասին, որոնք բազմաթիւ գիծերու մէջ յար եւ նման էին իրարու:
Օրուան բանախօսներն էին` Բենիամին Թաշեան եւ Սարգիս Զէյթլեան: Հանդէսին առաջին մասին մէջ Ս. Զէյթլեան ներկայացուց կեանքը եւ գործը Ա. Սահակեանի` իբրեւ հանրանուէր կուսակցական գործիչի իբրեւ մարդու եւ վարիչի:
Բ. Թաշեան խօսք առաւ հանդէսին երկրորդ մասին մէջ եւ ներկայացուց Գ. Մխիթարեանի կեանքը եւ գործունէութիւնը:
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր մը:
Առաջին մասին մէջ հանդէս եկաւ երկեակը` մասնակցութեամբ Օննիկ Թաթարեանի (ջութակ), եւ մեծ յաջողութեամբ նուագեց Պեթհովէնի գործերէն ընտիր կտոր մը: Յակոբ Գասպարեան մեներգեց «Լաց, մէրիկ ճան»-ը` դաշնակի ընկերակցութեամբ Սիրվարդ Ալեքսանեանի: Հայկազ Գալուստեան արտասանեց Սիամանթոյի «Ափ մը մոխիր»-ը:
Յիշատակի հանդէսին երկրորդ մասին գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին` Սարաֆեան, Պերճ Գարապաճեան եւ Անահիտ Քիւթներեան:

