Մտորումներ. Արարատապաշտ Հայոց Բանակին (28 Յունուար)
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Ինչքան ալ սովորական հնչեն հայոց բանակի տօնին առիթով արտայայտուած միտքերն ու մաղթանքները, ակնկալութիւններն ու քննադատութիւնները, էականը կը մնայ այն, որ այս սրբազան կառոյցը անփոխարինելի է` իբրեւ հայրենիքի պաշտպանութեան, ժողովուրդի անվտանգութեան ու բարօրութեան երաշխիք:
Աւելի՛ն. հայոց բանակի կայացումով ու տակաւ զարգացումով կ՛ամրապնդուէր վերանկախ հայրենիքի ու պետութեան գոյութենական երթն ու հզօրանքի պատուանդանը:
Այլ խօսքով, դեռ նորահաստատ հայրենի պետականութեան ատենի գործիչները ի զուր չէ, որ անմիջապէս լծուեցան բանակաշինութեան, անոր փոխանցելով ազգային արժեհամակարգի ու աշխարհահայեացքի բնորոշ տարրերը` ազատասիրութիւն, հայրենապաշտութիւն, ազգին նուիրուելու անմնացորդ պատրաստակամութիւն, ու մանաւանդ` դարերու խորերէն ժառանգուած հերոսապաշտութիւն:
Փաստօրէն, Հայկազեանց ցեղի, Մամիկոնեանք կերպարի, Դաւիթ Բէկեան հաւատամքի ու ֆետայի ազատամարտիկի վերակենդանացումն էր արցախեան գոյամարտի ընթացքին թէ հայրենի սահմաններու պաշտպանութեան լծուած քաջարի հայորդիներու սխրանքները, որոնց բարձրագոռ արձագանգը դեռ երկա˜ր պիտի ղօղանջէ հայոց լեռներու աստուածամերձ գագաթին:
Ի դէպ, յիշեցնե՞լ է պէտք այն զուլալ ճշմարտութիւնը, թէ մերօրեայ հայոց ֆետայիին ու զինուորին կերպարը ծնունդն է անհաւասար մարտերու եւ թէժ կռիւներու, ուր զազիր թուրք¬ազերի թշնամին ամէն բարբարոս միջոցի էր դիմած հարուածելու հայ մարտունակ ոգիի ու կամքի տոկունութիւնը, այլապէս իրականացած տեսնելու իր վաղեմի հայաջինջ ծրագիրները:
Անցնինք:
Հայոց բանակի այս սրբազան տօնին առիթով հպարտանքի ու ներշնչանքի խայտանքն է, որ կ՛ուզենք ապրիլ ազգովին` որպէս իրերայաջորդ սերուդներու յուսատու կռուան եւ ազգակերտ ամրոց:
Մեր` հայոց պարագային, երբեւէ մտածա՞ծ ենք, թէ դարեր շարունակ հայ բազուկի անկրկնելի միջավայր, ռազմահայրենասիրական մթնոլորտի շտեմարան, քաղաքական հասունութեան ու ազգասիրութեան օրրան է հանդիսացած հայոց բանակը, որուն քայքայումով եւ կորուստով չքացած են վերապրելու ամէն յոյս ու վերականգնումի ներշնչանք:
Առհասարակ, երբ խօսքը կը վերաբերի հայ մարտունակ բանակի յաջողութիւններուն, յառաջդիմութեան ու արհեստավարժօրէն աւելի կենսունակ դառնալու հրամայական պահանջին, արդեօք դարերու կամրջումը չէ՞, որ կը կատարենք, հայոց աւելի քան երեք հազար ամեայ պատմութեան ու անգնահատելի արժէքներուն, ազգային ինքնութեան, պատկանելիութեան, հաւաքական յիշողութեան ու վերապրելու կամքին:
Յայտնապէս, հայոց ռազմունակ, քաջասիրտ եւ ազատասէր բանակի բացակայութեան չէ՞, որ մեր բազմաբնոյթ ոսոխները համարձակութիւնը ունեցան մեր հայրենիքը աւերելու ու թալանելու, բռնագրաւելու` ժողովուրդը տեղահանելու ու սպանդ գործելու` հայոց պատմութեան բազմադարեան թաւալքի կասեցումին փորձ կատարելով:
Այսօր, ի խորոց սրտի արձանագրել է պէտք, որ իւրաքանչիւր անգամ որ ազգը ականատես կը դառնայ հայոց բանակի տօնահանդէսին, շքերթին թէ սէգ ճակատներով ու զրահներով տողանցքին, ոչ միայն սրտերն են, որ կը թնդան, հոգիները կը հրճուին, տրամադրութիւնները կը բորբոքին, համոզումները կ՛ամրապնդուին, հաւատամքի ու հայրենասէրի յուզումներ կը բոցավառին, այլ նաեւ դարերու վրէժխնդիր հայոց աստուծոյն Վահագնի հրաշէկ ու պայծառադէմք ներկայութիւնն է, որ ինքզինք զգալի կը դարձնէ ամէնուրեք` յանուն ազգային տենչերու իրականացումին ու հայ կեանքի անարգել թաւալումին:
Ճիշդ է, որ հայրենիքի երկնակամարին տակ սրտապինդ կը շնչէ հայոց բանակի մեն մի անհատ, զինուոր, սպարապետ ու հրամանատար, որ քաջ գիտնալով իր առաքելութեան նուիրականութիւնն ու չափազանց կարեւորութիւնը, տիւ եւ գիշեր յանձն առնելով բազում ու անասելի դժուարութիւններն անգամ իր հսկողութիւնն ու կամքը կը պարտադրէ վեհերոտ ու մարդակեր թշնամիին վրայ, պաշտպանելով հայրենիքի սահմաններն ու ամբողջ պետական համակարգը:
Իրօք, ի՛նչ բանի կը ծառայեն հայրենիքներ, եթէ երբեք զանոնք պաշտպանելու կոչուած կառոյցներ կ՛ապրին ամլութեան, շռայլութեան, զեխութեան, կաշառքի, փտածութեան ու մոլութիւններու յանձնուած կեանք մը, պարզապէս գարշ տալով իրենց գոյութիւնը, այլապէս տուրք տալով շրջապատի խենեշ պարտադրանքներու:
Այս առումով, ի փառս հայոց բանակին, հակառակ հայրենիքին մէջ տիրող անհաճոյ ու ապաշնորհ կարգ մը երեւոյթներուն, տակաւին ան կը շնչէ արժանաւորապէս, կը հսկէ հաւատարմաբար, բաժնեկից է իր ազգին ցաւերուն ու տառապանքներուն, զգո՛ւշ է դաւադիր ու եղբայրասպան ամէն նկրտումի հանդէպ, գիտակից է իր առաքելութեան, կենսունակ է իր ազատասէրի ու նուիրումի հասկացողութեամբ, ընդունակ է դէպի յառաջ ընթանալու տեսակէտէ, ուսումնատենչ է, արիասիրտ, փոթորկող կամքի ու հաւատամքի տէր` թշնամի ոտնձգութիւններու դէմ, ուժգին հարուածող եւ ամէն քայլափոխի թշնամի սադրանքներ սաստող իր ներկայութեամբ` ոգեշնչող խարիսխն է ան առ յաւէտ:
Արդարեւ,
Հաստատ կը հաւատանք, թէ հայոց բանակը ազգային անկրկնելի արժէք մը ըլլալով հանդերձ, անիկա ամբողջ ազգի մը զգացումներուն, յոյզերուն, երազներուն, ապրումներուն, ակնկալութիւններուն, սիրոյ, գուրգուրանքին, խանդաղատանքին ու ազգային արժանապատուութեան մարմնացումն է, հրաբորբ ու անշէջ ատրուշանը, ուրկէ կը ցայտին հերոսագրութիւններու ամէնէն տիպական արտայայտութիւնները:
Եթէ երբեք մերօրեայ կեանքին կ՛ուզենք առնչել հայոց բանակի մեն մի դրուագ ու աշխատանք, ապա նախանձախնդիր պէտք է ըլլալ պահպանելու անոր ազգային դիմագիծն ու պահուածքը: Աւելի՛ն. իբրեւ հայ ընտանիքի ու ընկերութեան մէջ առկայ առողջ բայց զգայուն օրկան, հարկ է զերծ պահել հայոց բանակը ներազգային կեանքի ապիկար վարքագիծերու իբրեւ հետեւանք ճամարտակութիւններէ եւ պէս¬պէս մտմտուքներէ, պաշտպանելու համար անոր դիմադրողականութիւնն ու բարոյահոգեբանական կառուցուածքը:
Միւս կողմէ, գէթ մեզի` հայերուս համար, ի լուր ամբողջ աշխարհին, կարելի՞ է համոզուիլ թուրք¬ազերի հորդաններու այն տարածած սին ու ապակողմնորոշիչ քարոզչութիւններուն` հայոց բանակի անփառունակ վիճակին ու կացութեան մասին, եւ ընդունելու թշնամիին այն յոխորտանքին, թէ իրենք ոչ միայն գերակայ են իրենց զէնքով ու զրահով, այլ նաեւ` «քաջարի» բանակով:
Մեր կարգին վերյիշեցնելու ենք, որ ոչ միայն պատմութեամբ ամրագրուած ճշմարտութիւնն է, այլ նաեւ արցախեան ազատամարտի ընթացքին կերտուած սխրանքներու պատուանդան է այն, որ ամէն անգամ որ բարբարոս ու վախկոտ թշնամին հանդիպած է հայ բազուկի վճռական հարուածին, աննկուն կամքին ու հերոսական մարտնչումին, վարձկանի պատմուճան է հանդերձած ու փախուստի արահետ է փնտռած:
Յիրաւի, հայոց բանակի տօնը ազգային տօներու սրբազնագոյն է` պարզ այն հասկացողութեամբ, որ անիկա մեր գոյերթին հիմքն է, մեր ժողովուրդի ազատատենչ հոգիին ու յառաջդիմութեան ապառաժը, պետական համակարգի ամրակայման գրաւականը, մէկ խօսքով` հայ հանճարի, ստեղծագործ մտքի, ցեղային առանձնայատկութիւններուն եւ խրոխտ բազուկի հնոցը, որով հպարտանալու ենք ազգովին:
Յայտնապէս, նման համոզումի ու հաւատամքի առանցքը այն է, որ հայոց բանակի ռազմահայրենասիրութեան ամբողջ արժեհամակարգը խարսխուած է ոչ միայն առկայ սահմաններու պաշտպանութեամբ, այլ նաեւ` սէգ լերան կողմնորոշումով, այսինքն` Արարատապաշտութեամբ, որով ապրեցան ու գործեցին հայոց ընտրանի զաւակներու հսկայ փաղանգներ, յանձինս` Մամիկոնեանք, Դաւիթ բէկի, Քրիստափորի, Ռոստոմի, Դրոյի, Արամի, Նիկոլ Դումանի, Վանայ Իշխանի, Գէորգ Չաւուշի, Անդրանիկի ու բազում խնկելիներու, որոնք հիմքը հանդիսացան մերօրեայ հայոց բանակի պատուանդանին:

