Եգիպտոսի Տարածքին Խռովարարութիւնները Բազմաթիւ Զոհեր Եւ Վիրաւորներ Կը Պատճառեն

Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսի երէկ երեկոյեան պատկերասփռուած ճառի մը ընթացքին Փոր Սայիտ, Սուեզ եւ Իսմայիլիա նահանգներուն մէջ 30 օրուան տեւողութեամբ արտակարգ դրութիւն յայտարարեց: Ան ինչպէս որ նշեալ նահանգներուն մէջ երեկոյեան ժամը 9:00-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 6:00 կրակմարի դրութիւն հաստատեց, նաեւ քաղաքական բոլոր ուժերը այսօր երկխօսութեան հրաւիրեց:

Եգիպտոսի առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Փոր Սայիտի մէջ անցեալ փետրուարին ֆութպոլի դաշտի մը մէջ 74 անձերու սպանութեան հարցով 21 անձերու դէմ մահապատիժի վճիռի արձակումէն ետք տեղի ունեցած խռովարարութիւններուն պատճառով 31 զոհ եւ 445 վիրաւոր արձանագրուած է:

Ամբաստանեալներու համակիրները փորձեցին Փոր Սայիտի կեդրոնական բանտ ներխուժել եւ ոստիկանատուներու դէմ յարձակումներ գործեցին:

Բռնարարքները երէկ եւս շարունակուեցան, հակառակ բանակային ուժերու տեղակայման:

Աղեքսանդրիոյ մէջ բախումներ տեղի ունեցան նահանգապետարանի շէնքին առջեւ:

Հետաքրքրական զարգացումով մը ապահովական ուժեր արգելք հանդիսացան, որ ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Իպրահիմ Փոր Սայիտի մէջ սպաննուած երկու ոստիկաններու յուղարկաւորութեան մասնակցի: Ան մզկիթ հասնելէ ետք ստիպուեցաւ հեռանալ, երբ մզկիթին մէջ ներկայ գտնուողները սկսան բացագանչել «դուրս, դուրս, դուրս ե՛լ»:

Փոր Սայիտի մէջ ոստիկանատունը հրկիզուեցաւ եւ եգիպտական բանակը ստիպուեցաւ յարձակում գործողները ետ մղելու համար օդը կրակել:

Ըստ «Ժազիրա»-ի, երէկ Փոր Սայիտի մէջ տեղի ունեցած բախումներուն պատճառով զոհ մը եւ 432 վիրաւոր արձանագրուած է:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )