Սինիորա Կը Վերահաստատէ Մուսթաքպալ Հոսանքի Մերժումը Համամասնական Դրութեան

Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, նախկին վարչապետ, երեսփոխան Ֆուատ Սինիորա երէկ Սայտայի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Սայտայի պատասխանատուներուն մէկ պատուիրակութիւնը, որոնց հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին վերահաստատեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը կը մերժէ համամասնական դրութիւնն ու Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը:

Սինիորա աւելցուց, որ Մուսթաքպալ պլոքը պիտի ներկայացնէ առաջարկ մը, որ վերջ կու տայ քրիստոնեայ համայնքին մտավախութիւններուն` պահպանելով ազգային համերաշխութիւնն ու չափաւորականութիւնը:

Սինիորա նշեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծը կրնար Լիբանանի համար Ծերակոյտ մը ընտրելու յարմար օրինագիծ մը ըլլալ, սակայն այս օրինագիծին հիման վրայ կարելի չէ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել, որովհետեւ անիկա մեծ մեղք մը կ՛ըլլայ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )