Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Հակաօդային Տրամադրութիւն

Ստեփանակերտի օդակայանը

Ստեփանակերտի օդակայանին մասին որեւէ նիւթ կամ խօսակցութիւն մեծ զայրոյթ կը պատճառէ Պաքուի մէջ… հաւանաբար շա՜տ աւելի, որքան` Արցախի ազատագրման նշումը:

Ցայսօր հարցը այնքան մը կ՛անհանգստացնէ Ալիեւի ղեկավարութիւնը, որ քանի մը օր առաջ, յունուար 18-ին, կառավարական յատուկ հրովարտակով մը լոյս կ՛ընծայուի Ազրպէյճանի օդային տարածքի օգտագործման բարեփոխուած օրէնք մը, որուն մէջ մանրամասնօրէն կը պարզաբանուի, թէ արգիլեալ գօտիներէ ներս Ազրպէյճանի օդուժը կրնայ հարուածել թռիչք կատարող այն օդանաւերը, որոնք կը մերժեն ենթարկուիլ, անմիջապէս վայրէջք կատարելու կամ նշեալ գօտիէն հեռանալու հրահանգին:

Հաւանաբար այս հրովարտակին պատրաստութիւնը շատ աւելի կարճ եւ յստակ պիտի ըլլար, փոխանակ շարադրելու Ազրպէյճանի օդային տարածքի եւ այլն նախադասութիւնը, պարզապէս նշել Ստեփանակերտ քաղաքի օդակայանը:

Ըստ երեւոյթին, Ազրպէյճանի ղեկավարութեան համար օդային տարածքը գերառաջնահերթ կը թուի հողայինէն… կամ ալ հաւանաբար արդէն իսկ քսանամեայ պատմութիւն կերտած Արցախի անկախութիւնը տը ֆաքթօ կացութիւն մը ստեղծած է:

Արդէն իսկ, աւելի քան երկու ամիս առաջ, քաղաքացիական օդանաւորդութեան միջազգային կազմակերպութեան մօտ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչը գրեթէ վերոյիշեալ հրովարտակին բովանդակութիւնը փոխանցած էր` յայտնելով, թէ «բռնագրաւեալ» տարածքէն ներս, օդային տարածքը փակ է քաղաքացիական օդային ճամբորդութեանց դիմաց եւ որեւէ օդանաւ, որ այդ գօտիէն ներս մուտք կը գործէ, վտանգի կ՛ենթարկէ ճամբորդներու կեանքն ու ապահովութիւնը: Աւելի՛ն. վերոյիշեալ ներկայացուցիչը` Ֆերիտ Շեֆիեւ, յաւելեալ ձաբռտուքներ կատարելով` յայտնած էր, թէ Արցախի եւ այլ գրաւեալ շրջաններու օդային տարածքը կը գտնուի Ազրպէյճանի իրաւասութեան տակ, եւ հետեւաբար առանց Պաքուի կառավարութեան արտօնութեան` այլ երկիրներու կողմէ որեւէ թռիչք կը նկատուի ապօրինի:

Ալիեւ

Այսուամենայնիւ, նախագահ Ալիեւ եւ իր հլու կամակատար Շեֆիեւ պէտք է որ իմանան, թէ Ստեփանակերտի օդակայանը օգտագործելու որոշումը վերապահուած է Արցախի իշխանութիւններուն, եւ այդ մէկը մարդասիրական բնոյթ ունի, այսինքն որոշումը տրուած է Արցախի քաղաքացիներուն եւ անոնց կարիքներուն ազատ ու հանգիստ երթեւեկը ապահովելու համար… Այսինքն այս նորակառոյց օդակայանը պիտի գործածուի ճամբորդատար եւ ապրանքատար «թռչնազգի»-ներու համար, հեռու զինուորական-ռազմական որեւէ գործունէութենէ:

Այսպիսի յարձակողական հակաօդային տրամադրութիւն անընդունելի է եւ առաջին հերթին կը հարուածէ արցախեան հիմնահարցը խաղաղօրէն լուծելու գործընթացը:

Մինչ այդ, արդէն իսկ անցեալ սեպտեմբերէն ի վեր օդակայանը լիովին կը համապատասխանէ միջազգային պահանջներուն եւ անվտանգութեան չափանիշներուն:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )