Մթին Ու Խառնակ Օրեր Եւ Առաքելութեան Բիւրեղացում
ՄԱՐԶՊԵՏ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ
«Հայց. եկեղեցին իւր սեփական
կանոններով եկեղեցական
դասակարգութեան ամենախիստ պահապանն է եղած`
եկեղեցական բարձրագոյն նշանակութիւն տուած ըլլալով:
Ան ո՛չ նորութեանց ետեւ մոլորեցաւ եւ ո՛չ բարեկարգութեանց
պէտք ունեցաւ` մնալով ինքնանկախ` բոլոր եկեղեցեաց վրայ
գերազանցապէս փայլելով միշտ»:
ՄԱՂԱՔԻԱ ԱՐՔ. ՕՐՄԱՆԵԱՆ
(Մէջբերուած Տ. Զաւէն Ա. Քհն. Արզումանեանի
յօդուածէն, «Նոր Կեանք», 17 յունուար, 2013)
Առաքելութիւն բառը այստեղ այնքան մը կապ ունի առաքեալներու կամ եկեղեցիներու հետ, որքան որ այդ բառը կը թելադրէ նախագտիչ գաղափարախօսութիւն մը իրագործելու համար անհատ մը, անհատներ ասպարէզ կ՛իջնեն կեանքի փորձաքարին զարնելու իրենց հաստատակամ յանձնառութիւնը: Այս ընդհանրական առաջադրանքներու մէջն է, որ կը նշենք, կը տօնենք ՀՅԴ ծննդեան 122-րդ տարեդարձը: Տարեդարձ մը, որ ո՛չ մոմերով եւ ո՛չ ալ կարկանդակով կը նշուի, որովհետեւ լուսեղէն ճամբան, որ կտրած է ՀՅԴ, ջահավառուած չէ իր իսկ բնութենէն բխող համեստութենէն: Պատմութիւն մը, 122 տարուան հմայքով, անքակտելիօրէն շաղկապուած է մեր ժողովուրդի քաղաքական յառաջընթացին հետ: Ժողովուրդին զուգահեռ, յաջողութեան հրճուանքը կիսելով իսկ պարտութեանց դառնութիւնը առանձնութեան մէջ կը կրէ` սխալները չկրկնելու լուծումներու որոնումով:
Եթէ որեւէ սխալ պիտի փնտռենք եւ, այո, տարեդարձները եղած են նաեւ ճիշդ այդպիսի փնտռտուքներու համար, պիտի երթանք ետ` վեց քսանամեակ ու զոյգ մը տարի, երբ ամէնէն ճակատագրական սխալը գործուեցաւ իթթիհատական ոճրամիտ վիժուածքները մարդոց հետ շփոթելով: Երբ մեր ժողովուրդը բնազդօրէն չէր վստահեր անոնց ազնուութեան, ինչպէ՞ս կարելի էր ըլլալ այդքան միամտօրէն դիւրահաւատ, մանաւանդ երբ զգաստացուցիչ ահազանգներ կային, որպէսզի մտածէին ժողովուրդի պաշտպանութեան մասին: Եւ ո՜վ հրաշք, կողահերձ կառափնացումէն հազիւ երեք տարի ետք կը կերտէր Սարդարապատի դիւցազնութեան սխրանքը` ամրագրելով մեր ժողովուրդի գոյութենական հաստատագիրը:
Գրուած էր նաեւ, թէ Սարդարապատին պիտի յաջորդէին Կարսի անկումը, ազատութեան ժամանակաւոր սանձումը եւ` Ալեքսանդրապոլ ու դեկտեմբեր 2: Արագօրէն ընթացող դէպքերուն ՀՅԴ-ն չէր կրնար, ի վիճակի չէր դիմադրելու, մանաւանդ ի տես հայ զինուորին անըմբռնելիօրէն դաւադիր ընկրկումին` Կարսի մէջ, եւ նոյն այդ Կարսի մէջ մեզի պարտադրուած երկրի տարանջատման նուաստացնող եւ իրապէս ամօթալի պայմանագրի զոյգ իրականութիւններուն:
ՀՅԴ-ն չէր կրնար արգիլել, չէր կրնար այլընտրանքի դիմել, երբ այլընտրանք չկար: Մեր ժողովուրդին եւ ՀՅԴ տրուած էր հանդիսատեսի նուաստացումը միայն: Այժմ անոր նուաստացնող պայմանները ներկայ պետութեան վրայ կը տարածեն իրենց հսկայական, ահարկու շուքը:
Վերի բնաբանը` Օրմանեան պատրիարքի մեր եկեղեցւոյ արժեւորումէն առնուած, թող անտեղի կամ կրօնաբոյր չթուի: Մէջբերուած է այստեղ, որովհետեւ եթէ մէջէն «եկեղեցի» բառը փոխարինենք «Դաշնակցութիւն»-ով եւ «եկեղեցական»-ը «կուսակցական»-ով, հասկնալի կ՛ըլլայ մէջբերումին տեղին ըլլալը: Աւելցնեմ նաեւ, թէ Օրմանեանի սահմանումը մեր եկեղեցիին, սքանչելի է եւ գրեթէ… անսրբագրելի` հակառակ ներկայիս պարզուող շարք մը ոչ բաղձալի երեւոյթներուն: Այստեղ մասնաւորաբար յատկանշական է հետեւեալ նախադասութիւնը. «Ան ո՛չ նորութեանց ետեւ մոլորեցաւ եւ ո՛չ բարեկարգութեանց պէտք ունեցաւ` մնալով ինքնանկախ»:
Բացատրեմ:
Յիսնամեակի օրերն էին` 1964-1965-ին, երբ առիթ եղաւ ծանօթանալու շարք մը դաշնակցական մտաւորականներու հետ: Փոխադարձ վստահութիւն մը յառաջացաւ, եւ ազատօրէն կը զրուցէինք ամէն հանդիպումի: Այդ առիթները յաճախակի չէին: Ինչ որ յաճախական էր, իրենց տարօրինակ պահանջն էր տեսնելու կուսակցութիւնը արդիական ժամանակները ցոլացնող, արդիական միջոցառումները օգտագործող. Դաշնակցութիւն մը, որ նորարարութիւն կը փնտռէր բայց թէ ինչո՞ւ, յստակ չէր: Առաջին հերթին, սրտցաւ ու հետաքրքրական կը թուէին այս դիտողութիւնները, մինչեւ որ կարճ ժամանակ մը ետք անդրադարձայ եղած դիտողութեան անհամատեղելի բնոյթին` իրականութեան հետ, երբ զրոյցի մը ընթացքին հարց տուի բարեկամներէս մէկուն.
– Կը հասկնամ ըսածներդ: Բայց արդիականանալու, արդիական միջոցներ գործածելու մասին ըսածներդ անտեղի չե՞ս գտներ:
– Ինչո՞ւ այդպէս կ՛ըսես: Ժամանակները կը փոխուին, մենք ալ կը փոխուինք, աւելի ճիշդ` պէ՛տք է փոխուինք:
– Շա՛տ ճիշդ, բայց ոեւէ մէկը կ՛արգիլէ՞ քեզ արդիական կարելիութիւնները կիրարկելու կուսակցական աշխատանքներուդ մէջ:
Չպատասխանեց: Այդ մասին մտածած չըլլալո՞ւն համար, թէ՞ առարկութիւնս համոզիչ չգտնելուն: Չեմ գիտեր: Գիտեմ սակայն, թէ 122 տարի դիմանալու համար եւ կարենալ պահելու կուսակցական կանոնագրութիւնն ու սկզբունքները, առ նուազն կը թելադրեն գաղափարական ամրութիւն ու ժողովուրդէն իրեն հանդէպ տածուած վստահութիւն, անկախ տարբեր ժամանակներու մէջ եղած շարք մը ոչ արմատական փոփոխութիւններէն:
Այս գնահատականով է, որ կը դիմաւորենք ՀՅԴ 122-րդ ամեակը: Պատմական սխրանքներով եւ անխուսափելի յուսախաբութիւններով, բխած` ուժերու անհաւասարութենէն, բեռնաւոր պատմութիւն մը, միշտ ի մտի ունենալով թէ իւրաքանչիւր անցնող տարի, իւրաքանչիւր իրագործում նոր պարտաւորութիւններ կը պարտադրեն յառաջիկային իրականացնելու համար, իրագործումներ, որ ակնկալելի են, ստիպողաբար պարտադրելի եւ անկախ, թէ ինչպէ՞ս իրականութեան իրաւունք կը ստանան անոնք:
Մեր օրերուն նորութիւն մը կայ եւ` բաւականաչափ կերպով մտահոգիչ նորութիւն, որ անյապաղ լուծումի կը կարօտի: Անցեալին Երկրին մէջ ժողովուրդն ունէինք` ամրօրէն յենած հայրենական հողին: Այդ հողի ազատագրման համար ճամբայ էր ելեր ՀՅԴ: Այսօր Երկիրը մերը չէ` բացի շերտէ մը միայն, եւ ժողովուրդը Երկրին մէջ չէ: Ժողովուրդին կէսը անհետ կորաւ, ինչպէս կորսուեցաւ հազարամեակներու դիմացած համամարդկային քաղաքակրթեան մը ազգային, մշակութային ու տնտեսական հրաշալի համագոյքը: Մեր` վերապրողներուս շղթան փրթաւ մեր երկրին ու անոր քաղաքակրթութեան ու մշակոյթին հետ:
Հարիւր տարի ետք, ինչ որ մնացած էր Երկրէն, ինքզինք վերագտաւ, բայց մեր օրերուն ժողովուրդն է, որ փաստօրէն կը փախչի Երկրէն: Քանի մը տարի առաջ զարմանալիօրէն անիմանալի ու քաֆքայականօրէն անըմբռնելի կարծիք-հաստատումը, թէ երկրէն դեռ շուրջ երկու հարիւր հազար մարդ դուրս պէտք է ելլէ, որպէսզի կարենայ Երկիրը տնտեսապէս զարգանալ, կարելի էր անհեթեթ շաղակրատութեան վերագրել, եթէ զայն արտայայտողը հայրենի պետական դէմք մը չըլլար: Պէտք է յուսալ միայն, թէ այդ կարծիքը երբ կը յայտնէր խնդրոյ առարկայ անհատը, իրատես քաղաքագէտ մը ըլլալու… միամտութիւնը կը փառասիրէր:
Ահա ուրեմն` առաջնահերթ հարցը, որ կը ծառանայ ՀՅԴ առջեւ այս շքեղ տարեդարձի օրերուն: Թէ ինչպէ՛ս ՀՅԴ կը դիմագրաւէ այս մարտահրաւէրը եւ ի՛նչ չափով կը յաջողի կասեցնել ազգաթափման յորձանքը, պիտի որոշեն ՀՅԴ պետական մոյնքը` ստանձնած յանձնառութեանց յաջողութեան համաձայն: Տագնապը նոր է եւ ասպարէզը, որ կը կարդայ այդ տագնապը նետուած է բոլոր կազմակերպութեանց եւ պետութեան երեսին: Անոնք, որոնք պիտի կարենան վեր կենալ եւ խափանել այդ արտահոսքը, պիտի ըլլան արժանի ժողովուրդը առաջնորդելու, երկիրը ղեկավարելու: Այս երեւոյթը կը պարտադրէ բոլորին, առաջին հերթին` ՀՅԴ, սատարելու եւ դիւրացնելու վերաբնակեցումը արցախեան ազատագրուած տարածքին վրայ: Արդէն իսկ փոքր թուով վերաբնակողներ կան, բայց թուաքանակը զգալիօրէն կարելի է բարձրացնել առանց տատամսելու: Պաղեստինեան հողերու վերաբնակեցումը կարելի է նկատել օրինակելի նախընթաց, երբ իսրայէլեան կառավարութիւնը ամբողջութեամբ կ՛անտեսէ միջազգային հանրային կարծիքը:
Անկախ ասկէ, ազգաթափման ընթացքը իր քաշողականութիւնը կը կորսնցնէ, վստահաբար երբ մեկնողները տեսնեն, թէ կարելի է մնալ երկրին մէջ ու վարել բարեկեցիկ կեանք` նկատի ունենալով աշխատանքի այլընտրանքային բնոյթը: Կարելիութեան ու իրագործելիի սահմանի մէջն է հիմնումը գիտութիւններու ազգային համակարգին` իբրեւ բնօրինակ ունենալով Գերմանիոյ Մաքս Փլանք գիտական հիմնարկութիւնը կամ Միացեալ Նահանգներու Առողջապահութեան ազգային հիմնարկը եւ Գիտութեան ազգային հիմնարկութիւնը: Այսպիսի համակարգի ստեղծումը եւ անոր կեդրոնացումը Սիւնիքի կամ Արցախի մէջ, հետագային տարածուելով Հայաստանի տարածքին, լաւագոյն երաշխիքը կ՛ըլլայ հայ գիտնականներուն երկրին մէջ մնալու եւ օգնելու երկրի տնտեսական բարգաւաճման:
ՀՅԴ առջեւ կը ծառանայ նաեւ ժողովուրդը միաւորելու, միասնականացնելու անյետաձգելի պարտաւորութիւնը: Ատենին, Բ. Աշխարհամարտի օրերուն, Այզընհաուր յայտարարեց. «Եթէ ափրիկեան ծագումով ամերիկացի զինուորը կը կռուի ու կը զոհուի Ամերիկայի պաշտպանութեան համար, պատճառ մը չկայ, որ ան լիիրաւ ամերիկացի չըլլայ»: Այդ հաստատումով ջնջեց խտրականութեան ապակայունացող հետեւանքները ու նաեւ ձեւով մը աւետելով վաթսունական թուականներու ամբողջական համարկումը Ամերիկայի բոլոր բնակիչներուն: Հայաստանի մէջ եւս բանակը միակ տեղն է, ուր ամէն ինչ կը հաւասարի եւ ամէն տարբերութիւն կը չքանայ: Զոհաբերումի վերահաս հեռանկարը կը ջնջէ խտրականութեան բոլոր հետքերը: Կանխելու համար ամբաստանութիւնը, թէ ուրիշներու զաւակները կը միտիմ բանակ ղրկել, ըսեմ, թէ մեր տան մէջ կայ հաւանական երեք թեկնածու: Անպաշտօն… հարցախոյզի մը ընթացքին երբ իրենց հարցուցի, ամէնէն փոքր տղեկը անմիջապէս պատրաստակամութիւն յայտնեց միակ բառով մը` ե՞րբ: Աղջնակը` նոյնպէս: Իսկ անդրանիկ պատանին մերժեց` բացատրելով, թէ ինք դէմ է զինուորական ծառայութեան, բայց պատրաստ` համալսարանի աւարտէն ետք մեկնելու եւ ծառայելու իր մասնագիտական մարզէն ներս: Ուրեմն, ՀՅԴ կրնայ նախաձեռնել այդպիսի գործընթաց մը հայրենիքի մէջ եւ օրինականացնել սփիւռքի երիտասարդներու մասնակցութիւնը հայրենի զինեալ ուժերէն ներս: Արդիւնքը կ՛ըլլայ ժողովուրդին ու հաւանաբար նաեւ լեզուի միասնականութիւնը` յարաբերաբար բաւականին արագ կերպով: ՀՅԴ ի վիճակի է այս նախաձեռնութիւնները ստանձնելու եւ հունաւորելու զանոնք եւ յաջողեցնելու: Գիտեմ` առ այժմ մեր ուշադրութեան կեդրոնը Հալէպն է ու հալէպահայութիւնը, եւ ամէն ինչ կ՛ընենք անոնց անվտանգութիւնը ապահովելու համար: Հեռանկարները դժուարին օրեր կը թելադրեն: Բայց ՀՅԴ ուղին ե՞րբ է եղեր այնքան հեշտ ու դիւրին, որ ՀՅԴ կորսնցուցած ըլլար իր կողմնորոշիչ արթնութիւնը հայրենական ու սփիւռքեան իր պատասխանատուութեանց հանդէպ: Պայքարը այսօր փոխադրուած է քաղաքացիական ասպարէզներու մէջ կատարուող խոյանքին` առանց աչքաթող ընելու գիշերուան լուսնի դէմ կաղկանձող օսմանոֆաշիստ բորենիներու վոհմակները: Այլ խօսքով, ՀՅԴ ու մեր ժողովուրդը կը դիմագրաւեն միակ ելքով պայմանաւոր ու փորձանքներով ականուած կացութեան… յաղթանակով: Մեր ժողովուրդին պարտութիւն բացառուած է ճիշդ այնպէս, ինչպէս ժողովրդական երգը կը պատգամէ` «Վեր կա՛ց Շահէն, քաջին քնել չի սազում»:
19 յունուար, 2013
Լոս Անճելըս

