Դասական Եւ Ժողովրդային Երաժշտութեան Ունկնդրութիւն
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներուն, երկուշաբթի, 28 յունուարի երեկոյեան ժամը 8:30¬էն 9:15, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասական եւ ժողովրդային երաժշտութեան ունկնդրութիւն` մասնակցութեամբ դպրոցէն խումբ մը աշակերտներու եւ ուսուցիչներու:
Ներկայ էին Շրջանային վարչութեան անդամներ, ծնողներ, աշակերտներ, ինչպէս նաեւ արուեստասէրներ:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի տնօրէն Աշոտ Ճենտերեճեան, որ նշեց, թէ նման ունկնդրութիւններ ամսական դրութեամբ պիտի կազմակերպուին` աւելցնելով, որ այդ երեկոն ձեւով մը սկիզբը կը հանդիսանար:
Ապա սրահին մէջ երաժշտական մտերմիկ մթնոլորտ ստեղծեցին հետեւեալ աշակերտները` Հայկ Աշգարեան (կիթառ), Նարէ Աշգարեան (ջութակ), Դալար Մանճեան (ջութակ), Սարգիս Հալճեան (դաշնակ), Նարէ Աղասարգիսեան (դաշնակ) եւ Հրակ Տեմիրճեան (ջութակ): Աշակերտներուն ընկերակցեցան իրենց ուսուցիչները` Լիւսի Ճամսարեան (ջութակ) եւ Կարինէ Կակոսեան (դաշնակ):

