Ազրպէյճանի Մէջ Ժողովրդային Ապստամբութեան Հաւանականութի՞ւն

«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի Մտաւորականներու համախմբումի համահիմնադիր, քաղաքագէտ Էլտար Նամազով անցեալ ուրբաթ օր տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է, որ իշխանութիւնը տապալելու նպատակով երկրին բոլոր շրջաններուն մէջ ժողովրդային ցոյցեր պիտի կազմակերպուին: Ան ազդարարեց, որ միայն ոստիկանութեան ուժերով անկարելի է կանխարգիլել դժգոհութեան ալիքը:

Ըստ անոր, 2013-ին Ազրպէյճանի մէջ անպայման ժողովրդավարական արմատական փոփոխութիւններ տեղի պիտի ունենան: «Ընկերային պայթում»-ի մը հաւանականութիւնը մեծ է, եւ մարդիկ այլեւս անհանդուրժողական կեցուածք ունին ու օր մը անպայման պիտի ապստամբին, եթէ իշխանութիւնները լուրջ բարեփոխումներ չիրականացնեն:

Ան կը նշէ, որ ցաւալի է, որ իշխանութիւնները կը շարունակեն անտեսել մտաւորականութեան կոչերը եւ բարեփոխումներու փոխարէն` վերջերս աւելի կարծր ու անզիջող արշաւի մը սկսած են Մտաւորականներու համախմբումին դէմ:

Նամազով կը յայտնէ, որ իրադարձութիւններու զարգացումը ցոյց կու տայ, որ երկրին բոլոր շրջաններուն մէջ ապօրինութիւններու դէմ դժգոհութիւնը հասած է բարձր մակարդակի: Մարդիկ գոհ չեն իրենց ընկերային վիճակէն, աշխատավարձերու, պետական նպաստներու եւ թոշակներու ցած մակարդակէն, շարունակական զեղծարարութիւններէն, կաշառակերութենէն եւ ապահովական մարմիններու կամայականութենէն:

Նամազով այս յայտարարութիւնները կատարած է, որովհետեւ իշխանութիւնները արտակարգ դրութիւն հաստատած են կարգ մը շրջաններու մէջ` հակակառավարական ցոյցերն ու խռովութիւնները կանխարգիլելու համար:

 

Share this Article
CATEGORIES