Սահակաշվիլի Կը Պատրաստուի Ամէն Ինչ Ընելու, Որ «Ահաբեկիչները Ջաւախքի Մէջ Իրավիճակին Տէրը Չդառնան»

«Կրուզիա օնլայն» կը հաղորդէ, որ Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլի երէկ նախագահական պալատին մէջ ուսանողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտարարած է, որ «2008-ին Վրաստան ներխուժած ռուսական զօրքին մէջ շուրջ 800 ծագումով վրացի կար»:

«Մենք պէտք է շատ զգուշ ըլլանք: Վրացական պետութիւն կառուցելը սկսած ենք միայն 9 տարի առաջ եւ, ցաւօք սրտի, անիկա անպարտելի չէ: Հիմնական առաւելութիւնը, որ Ախալքալաքի մէջ մեր հայրենակիցները ստացած են այն, որ մենք պետութեան մէջ կ՛ապրինք: Եւ ատիկա կրնայ անհետանալ: Գլխաւորը, ինչ որ չեմ փափաքիր, այն է, որ անհետանայ պետականութեան զգացումը», ըսած է Սահակաշվիլի:

«Ես երբեք չեմ վախցներ եւ չէի ուզեր խօսիլ այս նիւթին մասին` որքան ամիսներ վատնած եմ, որ անոնք չկարենան ընել, չէի ուզեր, որ անոնք ճինը շիշէն դուրս հանեն: Հիմա ես պէտք է ամէն բան ընեմ, որ այդ ահաբեկիչներն ու աւազակները չկարենան տեղւոյն իրավիճակին վրայ վերահսկողութիւն հաստատել», յայտարարած է Սահակաշվիլին` խօսելով Ջաւախքի մասին:

«Ռուսական բանակի զինուորական նոր վարդապետութիւնը կը կայանայ անոր մէջ, որ Ռուսիոյ նոր պատերազմները հիմնուին տեղւոյն բողոքի ներուժին վրայ: Սկիզբը պէտք է ժողովուրդը դուրս գայ, բողոք արտայայտէ, ապա այնտեղ կը մտնեն ռուսերը: Ատոր մէջ որեւէ նոր բան չկայ: 1921-ին եւս այդպէս կը ներխուժէին: Իբրեւ թէ ապստամբած է ազգային փոքրամասնութեան աշխատաւոր դասակարգը, եւ 11-րդ բանակը մտած է անոնց օգնելու, որուն, ի դէպ, ընկերակցած ու առաջնորդած են վրացիները:

«Սկիզբը, 1920-ին մենք ընդհանուր ներումով ազատ արձակեցինք ռուսական գործակալները, ազատ արձակեցինք Ֆիլիփ Մախարծէն, Լաւրենտի Բերիան: Ի դէպ, 58-րդ բանակի եւ 2008-ին Վրաստան մտած այլ ստորաբաժանումներու կազմին մէջ, ցաւօք, մինչեւ 800 ծագումով վրացի կար: Անոնք ամբողջ Ռուսիայէն հաւաքուած էին», յայտարարած է Սահակաշվիլի:

Վրաստանի նախագահը ըսած է, որ ինք անձամբ վարչապետ Պիծինա Իվանիշվիլիին խորհուրդ տուած է բանտին մէջ պահել ջաւախքահայ յայտնի գործիչ Վահագն Չախալեանը:

Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ Վրաստանի մէջ ուժի մէջ մտաւ «Ընդհանուր ներումի մասին» օրէնքը, որ ընդհանուր առմամբ կ՛առնչուի 18 հազար բանտարկեալի (խօսքը թէ՛ պատիժի կրումէն լրիւ, թէ՛ մասամբ ազատելու մասին է): Ըստ օրէնքի, ազատ արձակուեցաւ նաեւ Վահագն Չախալեանը, որ 2009-ին 10 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած էր` «հանրային կարգը խախտող զանգուածային միջոցառումներ կազմակերպելու, խուլիկանութեան եւ զէնք պահելու» մեղադրանքներով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES