Հայաստանի Եւ Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարները Քննարկած Են Երկկողմ Ռազմական Համագործակցութիւնը

Հայաստանի եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարները քննարկած են զինուորական եւ ռազմաճարտարագիտական համագործակցութեան հարցեր: Այս մասին, ըստ News.am-ի, երէկ, Երեւանի մէջ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին նշած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան:

«Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի պաշտօնական այցը ծրագրուած է: Մեզ համար յատկապէս հաճելի է, որ այն տեղի է ունենում հայկական բանակի 21-րդ տարեդարձի տօնակատարութիւնների օրերին: Դա շատ խորհրդանշական է եւ ամբողջութեամբ համապատասխանում է հայ-ռուսական դաշնակցային աշխուժ խորացող յարաբերութիւնների ոգուն եւ միտումներին», ըսած է Օհանեան: Անոր խօսքով` բանակցութիւններուն ընթացքին քննարկուած են միջազգային եւ շրջանային ծրագիրներու խնդիրներ, Հայաստանի մէջ ռուսական ռազմակայանի տեղակայման հետ կապուած հարցեր:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը նշած է, որ Շոյկուի այս այցելութիւնը խթան պիտի հանդիսանայ պաշտպանութեան մարզին մէջ հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման համար եւ պիտի նպաստէ բարեկամութեան, շրջանին մէջ կայունութեան ու անվտանգութեան ամրապնդման:

Share this Article
CATEGORIES