«Ամառը Պիտի Լքեմ Ռէալ Մատրիտը» Ըսած Է Մուրինիօ
Football.365.am հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ ըստ «Իլ Ճիորնալէ»-ի լրագրող Թոնի Տամաշելիի, այս ամառ Ռէալ Մատրիտի փորթուգալցի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ պիտի լքէ խումբը:
«Ես անձամբ խօսեցայ հետը եւ ան ինծի ըսաւ, որ կը պատրաստուի լքելու մայրաքաղաքի կազմը` Ռէալ Մատրիտը: Նկատի ունենալով, որ խումբին մէջ կը տիրէ անհամ մթնոլորտ մը, մարզիկներուն, համակիրներուն եւ պատասխանատուներուն միջեւ յարաբերութիւնները այդքան ալ լաւ ընթացքի մէջ չեն, ան կը փափաքի հեռանալ խումբէն: Կրնայ պատահիլ, եւ ինչո՛ւ չէ, որ ան միանայ Փարիզ Սեն Ժերմենի», կը նշէ Տամաշելլի:
CATEGORIES Մարզական